Արցախի ԱԳՆ-ն Կ՝ողջունէ Ստեփանակերտի եւ Աւստրալիոյի Ռայտ Քաղաքի Միջեւ Բարեկամութեան Հաստատումը

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՝ողջունէ Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի քաղաքային խորհուրդին կողմէ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին բանաձեւի միաձայն ընդունումը, որ իրաւական հիմք կ՝ապահովէ երկու քաղաքներուն միջեւ մշակոյթի, կրթութեան, տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հաստատման եւ գործնական ծրագրերու իրականացման համար: Այս մասին նշուած է Արցախի ԱԳՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան մեկնաբանութեան մէջ։

«Յատկանշական է նաեւ, որ բանաձեւը ընդունուած է արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան՝ Աւստրալիա կատարելիք այցի նախօրէին։ Այցին ծիրէն ներս՝ կը նախատեսուի նաեւ հանդիպում Ռայտի քաղաքային իշխանութիւններուն հետ, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին համագործակցութեան հնարաւորութիւններն ու հեռանկարային ուղղութիւնները:

Երախտագիտութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Ստեփանակերտի եւ Ռայտի միջեւ ամուր բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղուած այս նախաձեռնութեան իրականացման գործին մէջ»,- նշուած է մեկնաբանութեան մէջ։