«Գուսան» Նուագախումբի 50-ամեակը Արժանթինի Մէջ

Սփիւռք

21 Սեպտեմբեր 1969-ին, Քորտոպա քաղաքին մէջ (Արժանթին), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Արմէնիա» Երիտասարդական Միութեան խումբ մը անդամներու կողմէ կատարուեցաւ «Գուսան» նուագախումբի հիմնադրութիւնը:

Նկատի ունենալով, որ Սփիւռքի ափերուն այնքան դիւրին չէր հայ մշակոյթին շուրջ ժողովուրդը համախմբելը, եւ գիտնալով, որ նաեւ այսօր ալ դժուար է նորահաս սերունդը համախմբել, «Գուսան» նուագախումբը լոյսը տեսաւ, նուագելու սկսաւ եւ պայծառ շարունակականութիւն հաստատեց:

Ներշնչուած հայ երաժշտական հարուստ ժառանգութենէն, անիկա առաջին նուագախումբը եղաւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ, որ զուտ հայկական գործիքներով տարածեց հազարամեայ հայ մշակոյթը:

Ահաւասիկ, այսօր, հեռաւոր Քորտոպայի մէջ, «Գուսան»ի հայ երաժիշտներուն տաղանդին եւ կամքին շնորհիւ, հայրենիքը կը վերածաղկի մեր հոգիներուն ու սիրտերուն մէջ: Այս նուագախումբը նուագած է տարբեր հայ գաղութներ այցելող հռչակաւոր երգիչներու հետ: Երկար տարիներու ընթացքին ներկայացած է Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Պրազիլի հայկական բեմերուն վրայ, ինչպէս նաեւ տեղական շրջանակներու մէջ՝ համերգներով, հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի զանազան յայտագիրներով:

Նուագախումբը հրապարակած է առաջին պաշտօնական ալպոմը՝ նուիրուած հայ հերոս Արամ Երկանեանի յիշատակին: Ներկայիս «Գուսան» նուագախումբը իր տասնհինգ անդամներով կը շարունակէ իր մշակութային գործը տարբեր ներկայացումներով ու համերգներով: