Ռուսական Սու-30ՍՄ Կործանիչները Մինչեւ Յաջորդ Տարուայ Սկիզբը Հայաստան Պիտի Ըլլան
Ռուսական Սու-30ՍՄ կործանիչները Հայաստան պիտի ըլլան մինչեւ 2020 թուականի սկիզբը: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Յուլիս 22-ին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:
«Ըստ պայմանագրային պարտաւորութիւններու` մենք կ՛ակնկալենք արտադրողներու պարտաւորութիւններու իրականացումը այս տարուան վերջը կամ յաջորդ տարուան սկիզբը”,- ըսած է Տօնոյեան:
Անդրադառնալով բանակի մէջ սպառազինութեան այլ համալրումներուն` նախարարը, չմանրամասներց, նշելով, որ ռազմական անակնկալներ պիտի ըլլան:
