Արարատ Միրզոյեան Այցելեց «Հայրենիք»

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Ուաշինկթընի մէջ գիտաժողովին մասնակցելէ եւ հանդիպումներ ունենալէ ետք, ժամանեց Պոսթըն եւ այցելեց հայկական կեդրոններ եւ տեսակցեցաւ զանազան ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք»-ը։

Ուրբաթ, Յուլիս 19-ի երեկոյեան, նախքան գաղութին հետ տեսակցիլը, Միրզոյեան ժամանեց «Հայրենիք» եւ այցելեց Հայաստանի Ա. հանրապետութեան եւ Հ.Յ.Դ.-ի արխիւները: Ազգային ժողովի նախագահը մօտէն հետեւեցաւ պատասխանատու Ճորճ Աղճայեանի փոխանցած տեղեկութիւններուն: Հ.Յ.Դ. արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի ներկայացուցիչ՝ Աղճայեանին կ՛ընկերակցէր նաեւ Անի Չաղլասեան:

Միրզոյեան ակնածանքով եւ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ տրուած մանրամասնութիւններուն: Աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: