Համահայկական Խաղերուն Մասնակցողներու Կեցութիւնը Ապահովուած Է

Հայաստան

Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան յայտարարեց, որ համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն մասնակցողներուն համար Արցախի մէջ ապահովուած են պանդոկներու մէջ սենեակներ: Կոմիտէն կ՛իրականացնէ 2000-2500 անձերու տեղաւորման հարցին լուծումը:

«Հիւրերու տեղաւորման հարցի լուծման համար հանրակրթական քանի մը դպրոցներու տարածքներ, ուր կան սանհանգոյցներ, լոգնալու յարմարութիւններ՝ եւս պիտի օգտագործուին: Հիւրերուն մէկ մասը պիտի տեղաւորուի նաեւ Արցախի շարք մը գիւղերու մէջ: Այժմ դժուարութիւններ կան խաղերու ստեղծագործական խումբի եւ բացման արարողութեան մասնակիցներու, ինչպէս նաեւ կամաւորներու տեղաւորման հարցով: Վստահ եմ, որ այդ հարցի լուծման համար եւս տարբերակներ պիտի գտնուին: Պիտի օգտագործենք նաեւ հանրակացարանային շէնքեր, ճամբարային տարածքներ, պիտի ունենանք հիւրընկալ տուներ եւ այլն: Խաղերուն մասնակից շուրջ 5000 անձիք ապահովուած պիտի ըլլան օթեւանով», աւելցուց Զաքարեան:

Խօսելով սպասարկման ոլորտին մասին՝ Զաքարեան ըսաւ, որ պէտք է այդ ուղղութեամբ լայն աշխատանքներ կատարել:

«Խաղերու հիմնական մասը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ, իսկ մէկ մասն ալ Մարտունիի եւ Մարտակերտի մէջ: Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու 17 մարզաձեւերէն միայն 6ը պիտի ըլլայ Արցախի մէջ», յայտնեց Զաքարեան:

Նշենք, որ Երեքշաբթի, Յուլիս 16-ին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան անձամբ ծանօթացաւ Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու նախապատրաստական աշխատանքներուն: