Պրիւքսէլի Մէջ Ցուցադրուած է Արցախի Մասին «Վերջին Բնակիչ» Ֆիլմը

Սփիւռք

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Յուլիս 12-ին, Արցախի մասին մրցանակակիր «Վերջին Բնակիչ» ֆիլմը ցուցադրուեցաւ Պրիւքսէլի ”Cinema Galeries” սրահէն ներս, բեմադրիչ Ջիվան Ավետիսեանի ներկայութեամբ: Ցուցադրութեան աւարտին հանդիսատեսները իրենց տպաւորութիւնները ներկայացուցին եւ հարցեր ուղղեցին բեմադրիչին:

Անդրադառնալով ֆիլմի ցուցադրութեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Արւեստը շատ կարեւոր միջոց մըն է աշխարհին ներկայացնելու Արցախի ժողովուրդին ազատութեան պայքարի պատմութիւնը, եւ այս պարաքային` եւրոպական հանրութեան: Ուրախ ենք, որ կան տաղանդաւոր բեմադրիչներ, ինչպիսին է Ջիվան Ավետիսեանը, որ կ՛աշխատի այս նիւթին շուրջ եւ կը մասնակցի հեղինակաւոր միջազգային փառատօներու: