Հայաստանը Ամենաշատ Աղբ Արտադրող Երկիրներու Շարքին է

Հայաստան

Հայաստանը ներառուած է ցուցակին մէջ այն երկիրներու, ուր բնակչութեան մէկ շունչի հաշուով ամէնէն շատ աղբը կարտադրուի, կը տեղեկացնէ USA Today-ը:

Հետազօտութեան համաձայն, որ իրականացուցած է Tempo գործակալութիւնը,  Գանատան կը գրաւէ առաջին տեղը ցուցակին մէջ, երկրորդը Պուլկարիան է, իսկ եռեակը կ՛եզրափակէ Միացեալ Նահանգները:

Աղբիւրին համաձայն` Գանատայի իւրաքանչիւր քաղաքացիին տարեկան բաժին կ՛իյնայ 36 թոն աղբ: Պուլկարիոյ մէջ իւրաքանչիւր քաղաքացիին բաժին կ՛իյնայ տարեկան 26,7 թոն աղբ, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ իրաքանչիւրին` 26 թոն:

Նշենք, որ Հայաստանը կը գրաւէ 6-րդ տեղը: Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի տարեկան բաժին կ՛իյնայ 16,3 թոն աղբ:

Ինչպէս կը նշէ աղբիւրը, Հայաստանի մէջ 2014-ին մօտ 493 հազար թոն քաղաքապետական թափօն արձանագրուած է: Հայաստանը կը մտնէ նաեւ այն երկիրներու մէջ, ուր ամենաքիչ քանակութեամբ գիւղատնտեսական եւ շինարարական աղբ կ՛ունենան: Բայց այն, որ կը նպաստէ Հայաստանի վարկանիշի բարձրացման մնացորդներու համաշխարհային խոշոր արտադրողներու շարքին, հսկայական քանակութեամբ արդիւնաբերական մնացորդներն են, որոնք ան կ՛արտադրէ։ Երկրին մէջ արտադրուող 48 միլիոն թոն ընդհանուր մնացորդներէն 47,3 միլիոն թոնը արդիւնաբերական է, կը նշէ աղբիւրը:

Ցուցակին մէջ յայտնուած են նաեւ Էսթոնիան (23,5 թոն), Ֆինլանտիան (16,6 թոն), Շուէտը (16,2 տոննա), Լիւքսեմպուրկը (11,8 թոն), Ուքրաինան (10,6 թոն), Սերպիան (8,9 թոն):