Ներկայացուցիչներու Տունը Վաւերացուց Ստեփանակերտի Օդակայանին Ապահովութիւնը Երաշխաւարող Շըրմընի Առաջարկը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տունը 11 Յուլիսի յետմիջօրէին, 234 թեր եւ 195 դէմ քուէներով վաւերացուց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի առաջարկը, որ քանի մը օր առաջ Օրէնքերու յանձնախումբին կողմէ եւս վաւերացուած էր։

Շըրմընի կողմէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2020ի ռազմական ամավարկին իբրեւ յաւելուած (թիւ 21) ներկայացուած այս առաջարկին նպատակն է՝ արգիլել Ատրպէյճանին վաճառել այնպիսի հակաօդայիններ, որոնք կը վտանգեն քաղաքացիական օդանաւերու ապահով թռչիքները: Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն եւ Ճեքի Սփիր, ինչպէս նաեւ փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ զօրակցեցան այս առաջարկին վաւերացման ջանքերուն։

Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց այս քայլը՝ շեշտելով, որ «ժողովուրդին տունը խաղաղութեան ի նպաստ քայլ մը առաւ», իր այս որոշումով։ «Այս քայլը յստակ պատգամ մըն է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը մերժեն քաղաքացիական օդանաւերու ուղղուած որեւէ սպառնալիք», ըսաւ Համաբարեան։

Օրին, Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս ողջունած էր Շըրմընի առաջարկը։

Քալիֆորնիայէն Շըրմըն, որ անդամ է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբին, կը յայտնէ, թէ իր նախաձեռնութեան նպատակն է արգիլել Պաքուին, որ շարունակէ սպառնալ Ստեփանակերտի քաղաքացիական օդակայանը օգտագործող օդանաւերուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին առաջարկին վաւերացման։

«Այս առաջարկը ազդանշան է Ատրպէյճանին, որ չի կրնար այսուհետեւ եւս սպառնալ, թէ պիտի խոցէ քաղաքացիական օդանաւեր: Կարելի չէ արտօնել Ատրպէյճանին, որ նման արարքներով վախի տակ պահէ իր դրացիները», ըսաւ Շըրմըն առաջարկին ի նպաստ իր ելոյթին մէջ:

Շըրմընի ելոյթը կարելի է դիտել՝ այցելելով www.youtube.com/watch?time_continue=2 &v=SUNmdWDHzaU կայքէջը։

Յիշեցնենք, որ 2011ին, Ատրպէյճանի քաղաքացիական օդային ճամբորդութեան վարչութեան տնօրէն Արիֆ Մամետով տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը նախազգուշացուցած է Քաղաքացիական օդագնացութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (ICAO), որ պիտի չարտօնէ թռիչքներ կատարել դէպի Արցախ եւ ազդարարած էր, որ օդագնացութեան մասին օրէնքին համաձայն՝ կրնան «ոչնչացնել հոն ուղեւորուող օդանաւեր»: Ատրպէյճան կը շարունակէ հնչեցնել նոյն սպառնալիքները, որոնց իբրեւ հետեւանք՝ վերջին ութ տարիներուն Ստեփանակերտի քաղաքացիական օդակայանը փակ կը մնայ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած էր հանրութեան, որ իրենց շրջանի քոնկրեսականներուն դիմեն՝ պահանջելով անոնցմէ, որ զօրակցին Շըրմընի թիւ 21 յաւելուածին։