2020-ին 10 Տոկոսով Պիտի Բարձրանան Կենսաթոշակները. Փաշինեան

Հայաստան

Յուլիս 10-ին տեղի ունեցած կառավարութեան արտահերթ դռնփակ նիստի ընթացքին հաստատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան 2020-2022 թուականներու պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրը:

Կառավարութեան Յուլիս 11-ի նիստին ՀՀ վարչապետ նիկոլ Փաշինեան մանրամասնեց, որ որոշուած է 2020-ի Յունուար 1-էն Հայաստանի մէջ 10 տոկոսով պիտի բարձրանան կենսաթոշակները, իսկ ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 1-էն` ուսուցիչներու աշխատավարձերը:

Ըստ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանի` փոփոխութիւնը կը վերաբերի շուրջ 560 հազար քաղաքացիներու:

«Նաեւ պիտի փորձենք մէկ ծրագրի շրջանակին մէջ լուծել 1988-ի երկրաշարժի հետեւանքով բնակարան կորսնցուցած այն քաղաքացիներու բնակարանային խնդիրները, որոնց նկատմամբ պետութեան ունեցած պարտաւորութիւնները այս պահուն իրաւապէս արձանագրուած են: Այդ նպատակով պիտի յատկացուի 3 միլիառ դրամ: Ինչ կը վերաբերի ծրագրի մանրամասնութիւններուն եւ հարցի մեթոդաբանութեան, ատոնք յետագայ քննարկումներու ընթացքին պիտի յստակեցուին»,-նշած է ան` յիշեցնելով, որ Յունիս մէկէն արդէն բարձրացած են զինուորականներու աշխատավարձերը: