ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 44-րդ Մարզախաղերը Նորանոր Յաղթանակներով Ոգեւորեցին ՀՄԸՄ-ի Մասնաճիւղերն Ու Շրջանի Հայութիւնը

Սփիւռք

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Երկար ամիսներու մարզական մաքրամաքուր պայքարէ ետք Շաբաթ, 6 Յուլիսի կէս գիշերին, իրենց յաղթական աւարտին հասան ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերը, պատուոյ նախագահութեամբ ՀՄԸՄ-ական համեստ հայորդիներ՝ տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններուն: Նաւասարդեանը նաեւ գեղեցիկ առիթ հանդիսացաւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու հիւրընկալ այս երկրին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ շնորհաւորելու անոր անկախութեան 243-րդ տարեդարձը, որ ամէն տարի կը զուգադիպի Նաւասարդեանի եզրափակիչ շաբաթավերջին: Երկու սիրտի խօսող տօնախմբութիւններ, որոնք արդիւնք են ազատատենչութեան, որ ի գին մեծ զոհողութիւններու ձեռք բերուած են:

Այս ձգտումով, Նաւասարդեան մարզախաղերու եզրափակիչ շաբաթավերջը եղաւ իւրայատուկ, տպաւորիչ, համախմբող եւ մանաւանդ յուսադրիչ:

Այո յուսադրիչ, որովհետեւ ան ոտքի հանեց շրջանի հայութիւնը, մարդկային հեղեղի վերածեց «Պրմինկհեմ»ի շրջափակը, ուր անոնք վերապրեցան հայութեան անցեալի փառահեղ պատմութիւնը, վայելեցին հայկական մեր մշակոյթը, ականատես եղան մեր երիտասարդութեան յաղթանակներուն: Անոնք գոհունակութեամբ հետեւեցան ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական խումբերու շքերթին ու ախոյեանութեան բաժակներու յանձնումին: Մէկ խօսքով անոնք ապրեցան հայկական հին նոր տարին՝ Նաւասարդը:

Եւ այս բոլորին հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ Նաւասարդեան փակման հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Յուլիսի երեկոյեան, «Պըրմինկհեմ» վարժարանի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ականներու, ծնողներու, համակիրներու եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Օրուան խօսնակներն էին՝ Թալին Ապանեան (հայերէն) եւ Մարիթա Մեծաչեան-Հարպոյեան (անգլերէն), որոնք ձեռնհասօրէն վարեցին օրուան յայտագիրը:

Ժամը 6:30-ին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու խմբապետներու առաջնորդութեամբ, մարզադաշտ ներկայացան եւ պատուոյ հարթակին վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանները, Տիպար ՀՄԸՄ-ական Վարդգէս Շխրտըմեանը եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեանը:

Գեղեցիկ անակնկալ էր Պատուոյ նախագահի սկաուտական տարազով մարզադաշտ մուտքը: Առաջին անգամն էր, որ նման գեղեցիկ երեւոյթի մը առաջ կը գտնուէր ՀՄԸՄ-ասէր հանրութիւնը: Երեւոյթ մը, որ հարազատ ՀՄԸՄ-ականի տիպարը կը ներկայացնէր: Ահա ՀՄԸՄ-ի շարքերէն անցած հայորդի մը, կեանքի դժուարութիւնները քաջաբար յաղթահարած եւ իր կեանքի ասպարէզին մէջ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած, սակայն երբեք չշլացած ազգային մը, որ հպարտանքով կը կրէր սկաուտական իր տարազը. սիրելի իր այն կազմակերպութեան տարազը, որուն շարքերուն մէջ հասակ նետած, դաստիարակուած եւ ազգային նկարագիր կերտած էր: Եւ ահա սկաուտական տարազով Պատուոյ նախագահ մը, որ համայն աշխարհին կը բարձրաձայնէր, թէ ՀՄԸՄ-ը այն եզակի կազմակեր- պութիւնն է, որ առողջ սերունդ կը դաստիարակէ եւ իր ազգին ու հայրենիքին նուիրեալ հայորդիներ կը պարգեւէ:

Բիւրաւոր ՀՄԸՄ-ասէրներուն առընթեր մարզադաշտ փութացած էին նաեւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Եփրեմ արք. Թապագեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւիթեան եւ Արմանտօ Թորգոմեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Օհաննէսեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իսմիրլեան ու Գօգօ Թոփալեան, քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ եւ ՀՄԸՄ-ի 43-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ՝ տէր եւ տիկ. Համլէթ եւ Կրէթա Չրախճեանները: Հոն էին նաեւ ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեանց, Հայ Դատի յանձնախումբի եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի նախորդ տարիներու Պատուոյ նախագահներ եւ Տիպար ՀՄԸՄ-ականներ, ՀՄԸՄի համակիրներ, հովանաւորներ, նուիրատուներ, ծնողներ եւ ՀՄԸՄ-ականներ:

ՀՄԸՄ-ի Շրջանայինի խմբապետուհի Շարլին Կիւզէլեան, ՀՄԸՄ-ի բարձրագոյն խմբապետական փողկապ մը նուիրելէ ետք Պատուոյ նախագահ Կարօ Էշկիեանին, արտօնութիւն խնդրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեանէն սկսելու հանդիսութիւնը: Դրական պատասխան ստանալէ ետք, ան հրահանգեց սկսելու հանդիսութիւնը՝ դրօշակի արարողութեամբ: Ազգային երգերու խանդավառ քայլեղանակներու նուագումով մարզադաշտ ներկայացաւ ՀՄԸՄ-ի նուագախումբը, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ: Մթնոլորտը առաւել շիկացաւ, երբ ժողովուրդին մէջէն ինքնավստահ քալուածքով ՀՄԸՄ-ի արի-արենուշները մարզադաշտ ներկայացան, իրենց հետ բերելով Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Հարաւային Ամերիկայի, Գանատայի, Քալիֆորնիոյ, ՀՄԸՄ-ի եւ Նաւասարդեանի դրօշները: Ապա, գեղեցիկ տեսարան մը կազմելով մարզադաշտին վրայ, պատուի կանգնեցան եւ քարացած ունկնդրեցին Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները, զորդ դարձեալ նուագեց ՀՄԸՄ-ի նուագախումբը: Ապա, անոնք մարզադաշտի վրայ գեղեցկօրէն յարդարուած բեմին կողքին յարգանքով զետեղեցին դրօշները, որոնք ամբողջ հանդիսութեան ընթացքին ծածանեցան, առաւել փայլք մը տալով հանդիսութեան:

Պաշտօնական յայտագիրը սկիզբ առաւ քոնկրեսական Շըրմընի ելոյթով, որուն ընթացքին ան, մատնանշելով հայութեան լաւ բարեկամներէն մէկը ըլլալու իր հպարտանքը, թուեց հայութեան ուղղուած բոլոր այն բարիքները, որոնց իրականացման նպաստած էր: Ան հերթով մատնանշեց Հայաստանի, Արցախի, սուրիահայերու եւ ջաւախքահայութեան տրամադրուած եւ տրամադրելի ամերիկեան նպաստները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան հզօրացման ուղղուած իր ճիգերը եւ ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի այցելէ Հայաստան:

Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց փոխատենապետ Սեւակ Կարապետեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ուրախութեամբ մատնանշեց ըսելով. «Երկար ամիսներու տքնաջան աշխատանքներէն ետք, այսօր հանգամանօրէն իրենց աւարտին կը հասնին ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 44-րդ մարզախաղերը, որոնց յաջողութեան լաւագոյն վկան դուք՝ բոլորդ էք, որ խուռներամ ներկայ կը գտնուիք եզրափակիչ այս հանդիսութեան: Բարի եկած էք»։

Ապա, շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՄԸՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի եւ Գանատայի շրջաններուն մասնակցութեան համար, ընդգծեց. «44 տարիներ անընդմէջ իրականացուող Նաւասարդեան այս մարզախաղերը լոկ մրցումներ չեն, պարզապէս յաղթանակներ արձանագրող ձեռնարկներ չեն. անոնք մեր երիտասարդութիւնը մարզական մաքուր մթնոլորտի մը մէջ համախմբող ծրագիրներ են, որոնք ոչ միայն կը հարստացնեն ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը, այլ նաեւ գեղեցիկ յուշերով կը ոգեւորեն մեզ եւ մեր հաւատքը կը զօրացնեն անոր հանդէպ: Նման աշխատանքներն են լաւագոյն թարգմանը ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ նպատակներուն»:

Եղբայրը յատուկ շնորհաւորանքներ ուղղելէ ետք Պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններուն եւ տարուան Տիպար ՀՄԸՄ-ական Վարդգէս Շխրտըմեանին՝ Շրջանային վարչութեան երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ական կամաւոր քոյր-եղբայրներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան մարզախաղերու յաջողութեան եւ իսկական թարգմանը հանդիսացան ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացիր, բարձրացուր» կարգախօսին:

Կեդրոնական վարչութեան ա-նունով ելոյթ ունեցաւ Վիգէն Դաւիթեան, որ ՀՄԸՄ-ը շրջանի ամենագործօն եւ ազդեցիկ հայ երիտասարդական միութիւնը նկատելով, ըսաւ. «Դուք բոլորդ էլ մեծ դեր էք ունեցել այս յաջողութիւնների մէջ, ինչպէս մեր նմոյշները՝ Պատուոյ նախագահներ Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանները եւ Տիպար ՀՄԸՄ-ական սիրելի եղբ. Վարդգէս Շխրտըմեանը»:

Կարեւորելով երիտասարդութեան դերը ՀՄԸՄ-ի հզօրացման մէջ, ան ընդգծեց. «Հաւատացած ենք, որ միութեան ապագայի բանալին մեր գործունեայ երիտասարդների ձեռքին է: Անցեալ Մայիս ամսուայ մէջ, Աթէնքում 17 շրջաններից 40 երիտասարդ ղեկավարներ, դեսպաններ հիմքը դրեցին ՀՄԸՄ-ի 3րդ գործնական մասնիկին՝ Երիտասարդական բաժանմունքին, հետեւելով մեր ռազմավարական ծրագրի ամենակարեւոր կէտերից մէկին: Ապագան պայծառ ենք տեսնում. ապագան հոս է»։ Ան ինքնզինք բախտաւոր նկատեց, որ ութ տարիներ եղած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնկան վարչութեան ներկայացուցիչը Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին եւ խոստացաւ այսուհետեւ եւս շարունակել իր ծառայութիւնը ՀՄԸՄ-ին:

Հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս առիթ ընծայեց համախմբուելու Նաւասարդեան մարզախաղերու փակման հանդիսութեան եւ տողանցքի առիթով:

«Մեր գաղութի զաւակներուն համար տօնախմբութեան վերածուած եւ անցեալի ուխտի օրերը յիշեցնող այս հաւաքները, անկասկած կը հետապնդեն միասնութեան եւ բռնցքուելու նպատակները, քաջ գիտնալով, որ ո՛չ միայն Նաւասարդեան օրերու պարուրանքը կը վերապրինք, այլ անհամբեր կը սպասենք հանդիպելու այս խաչմերուկին, ուր ՀՄԸՄ-ի մարզիկներն ու սկաուտական շարքերը մեզ ի մի կը բերեն Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած այս փառահեղ հանդիսութեան, որ հաւաքական կամքի եւ աշխատանքի արդիւնք է», հաստատեց սրբազան հայրը:

Ապա, «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը ՀՄԸՄ-ի հաւատամքի խօսուն վկայութիւնը նկատելով, փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հայ ժողովուրդին շնորհած է ՀՄԸՄ-ի նման կազմակերպութիւն մը, ինչպէս նաեւ երախտիք յայտնեց անցեալի եւ ներկայի բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք «ՀՄԸՄ-ը վերածեցին մարմնական թէ հոգեւոր դաստիարակութեան հնոց եւ կարգապահ մեր նորափթիթ փոքրերուն, մատղաշ պատանիներուն եւ խոստմնալից երիտասարդութեան՝ իսկական առաջնորդներ դառնալու դարբնոց»:

Փոխանցուած երեք տպաւորիչ պատգամներէն ետք, տեղի ունեցաւ հանդիսութեան գլխաւոր առանցքը հանդիսացող եւ շատ սպասուած տողանցքը: ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան նուագախումբի ազգայնաշունչ քայլեղանակներով ոգեւորուած, յաջորդաբար մարզադաշտ ներկայացան՝ ՀՄԸՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի եւ Գանատայի շրջաններու խումբերը, որոնց հետեւեցան «Հրաշքի» հրաշքները, ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական բաժանմունքն ու շրջանի նորագոյն՝ ՀՄԸՄ-ի «Կիլիկիա» միաւորէն եւ մինչեւ շրջանի հիմնադիր Լոս Անճելըս մասնաճիւղի սկաուտական եւ մարզական խումբերը, յանձնախումբերն ու անդամները, իրենց վարչութիւններու գլխաւորութեամբ:

Անոնք տողանցեցին հպարտ եւ ինքնավստահ, հրճուանքով բարեւեցին ներկաները, գրաւեցին իրենց տեղերը մարզադաշտին վրայ եւ հետեւեցան յանձնումի արարողութեան մարզական մր-ցումներու յաղթանակի բաժակներու, որոնք յանձնուեցան ա-ռաջնորդին, Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններու, Վարդգէս Շխրտըմեանի, Էնթընի Փորթանթինոյի եւ Յակոբ Թիւֆէնքճեանի ձեռամբ:

Մասնաճիւղերու ամիսներու երկար պայքարի արդար արդիւնքը հանդիսացող այս բաժակներու յանձնումը մեծապէս ոգեւորեց ներկաներն ու յատկապէս մասնաճիւղերը:

Այնուհետեւ, Շրջանայինի խմբապետուհի Շարլին Կիւզէլեան մարզադաշտին վրայ ծածանած Նաւասարդեան դրօշը յանձնեց Շրջանային վարչութեան ատենապետին, որ իր հերթին նուիրեց զայն Պատուոյ նախագահին:

Հանդիսութեան պաշտօնական յայտագիրի վերջին բաժինով, ելոյթ ունեցաւ գաղութիս սիրուած ՀՄԸՄ-ական երգիչ Վարանդը, որ ապրումով ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի նուիրուած գեղեցիկ երգերու փունջ մը:

Այնուհետեւ Նաւասարդեան խրախճանքը շարունակուեցաւ փառատօնի շրջափակին մէջ, ուր շրջանի սիրուած արուեստագէտներուն հրամցուցած երգերուն ընկերակցեցաւ հրավառութիւնը, առաւել շիկացնելով տիրող արդէն իսկ զուարթ մթնոլորտը: