Ամենամեծ Կանխամտածուած Սպանութեան Գործողութիւններէն Մէկը 20-րդ Դարուն. Իսրայէլի Դեսպանը` Ցեղասպանութեան Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան էլիաւ Պելոցերքովսքին 1915-ին Թուրքիոյ մէջ հայերու ցեղասպանութիւնը կը համարէ 20-րդ դարու պատմութեան ամենամեծ կանխամտածուած սպանութեան գործողութիւններէն մէկը: Այս մասին ան ըսած է Երեւանի մէջ Իսրայէլի անկախութեան 71-րդ տարեդարձի առիթով տեղի ունեցած ընդունելութեան ժամանակ, երբ լրագրողներէն մէկը հարց տուած է, թէ Իսրայէլը չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը, հնարաւո՞ր է արդեօք փոփոխութիւն ըլլայ, մանաւանդ այն պարագային, երբ դեսպանը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ:

«Ատիկա սարսափելի ողբերգութիւն էր, 20-րդ դարու պատմութեան եւ մարդկութեան պատմութեան ամենամեծ կանխամտածուած սպանութեան գործողութիւններէն էր: Հրէաները, յատկապէս, այն մարդիկ, որքնք կ՛ապրին Իսրայէլ, աշխոյժօրէն հանդէս կու գան ատոր դէմ, եւ ատիկա նաեւ քննարկուած է մեր խորհրդարանին մէջ»,- ըսած է դեսպանը:

Լրագրողը նկատել տուած է, որ դեսպանը չ՛օգտագործեր ցեղասպանութիւն բառը, եւ դեսպանը նշած է, որ ատիկա բառի որոնման հարց չէ: Ան շեշտած է, որ իսկապէս սարսափելի ողբերգութիւն է, պէտք է քննարկել այդ պատմութիւնն ու ուսումնասիրել զայն, որպէսզի նման  ողբերգութիւններ չկրկնուին:

Անդրադառնալով հարցումին, թէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները արդեօք չե՞ն խանգարեր համագործակցութիւնը` ան նշած է, որ Իսրայէլն ալ, ինչպէս Հայաստանը, ունի իր հետաքրքրութիւնները, իր յարաբերութիւնները շատ երկիրներու հետ, եւ այդ յարաբերութիւնները բաղկացած են տարբեր բաղադրիչներէ: Դեսպանը ատիկա բնական համարած է: «Մենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը տեսնենք որպէս առաջնային եւ պիտի ամրապնդենք որքան հնարաւոր է աւելի շատ»,- շեշտած է ան: