Հողին Յանձնեցինք Մեր Հաւատաւոր Ընկերը…

Հայաստան, Սփիւռք

Յուլիս 9-ին, Մայր հայրենիքի մէջ, հողին յանձնեցինք մեր հաւատաւոր ընկերոջ, երկար տարիներու ազգային գործիչ Կարպիս Մարգէեանի անշնչացած մարմինը, հող որուն ազատագրութեան ու պաշտպանութեան համար հիմնուած կուսակցութեան գաղափարներուն հաւատաւորն ու նուիրեալն էր ան։

Վաղ պատանեկութենէս Կարպիս Մարգէեանը տեսած եմ Գամիշլիի ակումբի գործերով տարուած՝ զբաղեցնելով պատասխանատու տարբեր պաշտօններ, զորս կը վարէր անդրդուելի հաւատքով ու անսակարկ նուիրումով։ Ան հեղինակութիւն էր ու վճռական, անսահմանօրէն հաւատարիմ իր գաղափարներուն եւ գաղափարակիցներուն։

Խրոխտ ու ամուր կամքի տէր մարդ էր Կարպիս Մարգէեանը, նաեւ երախտապարտ ու ընկերասէր, անոր ընկերներու շրջապատը տարիքային սահմանափակում չունէր, ան ընկեր էր մեծերուն ու փոքրերուն, երիտասարդներուն ու երէցներուն, նոյնիսկ երեխաներուն, որոնց հանդէպ յատուկ թուլութիւն ու սէր ունէր։ Միաժամանակ ան շատ կտրուկ էր իր հաւատարիմութիւնն ու ընկերութիւնը չարժեւորողներուն նկատմամբ։ Կարպիս Մարգէեանի յարգանքն ու երախտագիտութիւնը սահմաններ չունէին` յատկապէս հօրս նկատմամբ, որ տարիքային մեծ տարբերութեամբ հանդերձ, անոր երբեմնի ուսուցիչը՝ դարձած էր իր ամենամտերիմ ընկերը, որուն ըսածները անվիճելի էին Կարպիսին համար։ Մարգէեան ընտանիքի հիւրընկալ տան դուռը միշտ բաց էր Հալէպէն կամ Հայաստանէն եկող հիւրերուն համար, սեղանը միշտ բաց էր յատկապէս հօրս համար. գիշերուայ որ ժամուն ալ ըլլար կարեւոր չէր, որեւէ ժողովէ ետք պէտք է երկու ընկերները առանձին քննարկէին անցած դարձածը՝ Կարպիսի հիւրընկալ, համեստ ազնիւ ու միշտ ժպտերես կնոջ պատրաստած սեղանին շուրջ, ժամանակին գերյոգնած վիճակով՝ դժգոհութեամբ նստած եմ այդ սեղաններուն շուրջ, իսկ հիմա երախտապարտ եմ այդ բոլորի համար, որովհետեւ այդ ժամերուն է, որ քաղած եմ կեանքիս ամենալաւ դասերը՝ ականատես ըլլալով մարդկային ամենաբարձր արժանիքներուն, հայրենասիրութեան, գաղափարին հաւատարիմ ու պատասխանատւութեան բարձր զգացումներու ամենավառ դրսեւորումներուն։ Այդ հանդիպումները յաճախ կը տեւէին մինչեւ առաւօտ եւ կ’աւարտէին երկու խրոխտ ձայներու ոգեշունչ երգերով, ոգի, որ զիս բերաւ ու հանգրուանեց մայր հայրենիքի մէջ։

ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔի հողին յանձնեցինք մեր հաւատաւոր ընկերոջ անշնչացած մարմինը, «ահա հանգիստ հող կը մտնեմ, յոյսս դուք էք ընկերներ….», երգի ընկերակցութեամբ։ Թող անոր հաւատարմութիւնն ու  նուիրումը, անկեղծութիւնն ու ընկերասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը օրինակ ծառայեն բոլորիս եւ ծաղկին այս հողին մէջ, որուն համար Կարպիս Մարգէեանը նուիրուեցաւ եւ գործեց երկար տարիներ, նոյնիսկ առանց տեսնելու։

Ննջէ’ խաղաղութեամբ՝ յարգանքի արժանի ու հաւատաւոր ընկեր…

Նայիրի Մկրտիչեան