Չինական Սարքաւորումներ՝ Հայկական Բանակին

Հայաստան

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Յուլիս 6-ին, Հայաստանի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլունի եւ դեսպանութեան ռազմական ու ռազմաօդային կցորդ, աւագ գնդապետ Չժան Ֆենխուայի հետ այցելեց բանակի զօրամասերէն մէկը։

Դաւիթ Տօնոյեան, դեսպանը եւ ռազմական կցորդը բարձրաստիճան սպաներու ուղեկցութեամբ շրջագայեցան զօրամասին մէջ եւ ծանօթացան Չինաստանի կողմէ նուիրուած սարքաւորումներուն։ Նախարար Տօնոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանի Հանրապետութեան՝ համագործակցութեան եւ աջակցութեան համար։ Այս մասին գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան։