Հայ Դատը Կը Նախաձեռնէ Մարալ Մելքոնեան Աւետիսեանի Անուան Ամառնային Վարժողական Ծրագիրին

Uncategorized

Նկարին մէջ՝ Մելքոնեան Աւետիսեան ընտանիքներու ներկայացուցիչները, ամառնային վարժողական ծրագիրներու մասնակցողներուն եւ Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն հետ, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Հայ Դատի «Արամեան Տան» մէջ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Այս տարի, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կրցաւ ընդարձակել իր ամառնային վարժողական ծրագիրները, անոնց միացնելով Հայ Դատի նուիրեալ ջատագով Մարալ Մելքոնեան Աւետիսեանի անուան ամառնային վարժողական ծրագիրը, որ ամէն տարի առիթ պիտի տայ հայ երիտասարդի մը, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ իրականացող վարժողական ծրագիրին մասնակցելու։

Հայ երիտասարդներու մօտ ղեկավարման ձիրքերը զարգացնող այս ծրագիրին առաջին մասնակցող ընտրուած է Լուսին Պոտուրեան, որ շրջանաւարտ ըլլալու պատրաստուող ուսանող է «Ուէսլիըն» համալսարանին մէջ, մասնագիտանալով կառավարական ուսմանց եւ Ռուսական, արեւելեան եւրոպական եւ եւրասիական ուսմանց բաժանմունքին մէջ։

0000Poturyan_MelkonianAvetisyanFellow

Լուսին Պոտուրեան

0000Maral-Melkonian-Avetisyan

Մարալ Մելքոնեան Աւետիսեան

1983-ին Մերիլընտ ծնած Մարալ Մելքոնեան Աւետիսեան զաւակն էր Արա եւ Հայկանոյշ Մելքոնեաններու։ Ան շրջանաւարտ էր մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Համաստեղ հայկական վարժարանէն եւ Մերիլենտի համալսարանէն Պսակաւոր արուեստից վկայական ստացած էր անգլերէնի եւ գրականութեան ճիւղին մէջ մասնագիտանալով։ Ան անդամակցած էր շրջանի ՀՄԸՄ-ին, ՀԵԴ-ի եւ Հայ Դատին, նոյն ժամանակ կամաւոր սպասարկութիւններ կատարելով Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, զանազան կազմակերպութիւններու միջոցաւ։ Ան ամուսնացած էր Տիգրան Աւետիսեանի հետ։ Մարալը իր մահկանացուն կնքեց 13 Ապրիլ 2015-ին։