Համազգայինի «Գայեանէ» Պարախումբի 245 Աշակերտներուն, Պարուսոյցներուն Եւ Ելոյթի Յաջողութեան Մասնակիցներուն` Կեցցէ՛ք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ն. Բարսեղեան

Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբի 245 աշակերտներ ` տարբեր տարիքային խմբաւորումի պատկանող, հինգշաբթի, 27 եւ ուրբաթ, 28 յունիսի երեկոյեան շուրջ մէկուկէս ժամ կլանուած պահեցին «Էմիլ Լահուտ» սրահը լեցուցած ծնողները, հիւրերը, արուեստասէրները: Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հովանաւորութիւնը վայելող այս տարեկան ելոյթները եկան Համազգայինի գեղարուեստական դպրոցներուն տարած աշխատանքին լաւագոյն պսակադրումը ըլլալու եւ բարձրաձայն յայտարարելու, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն նկատմամբ մեր հաւատքը պէտք է վառ մնայ, որովհետեւ անոնք գիտեն` հայկական երաժշտութեան կշռոյթով պար բռնել, Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի «Կաթիլ մը մեղր» թատրերգութեան շունչ ու ոգի տալ, հայկական մաքուր միջավայրի մէջ ըլլալու հաճոյքով հասակ նետել, համարձակօրէն բեմ բարձրանալ եւ իրենց տաղանդները բացայայտել:

 

Այս բոլորը` շնորհիւ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի պատասխանատուներուն, անոնց շուրջ համախմբուած կամաւոր բանակին, ինչպէս նաեւ ու յատկապէս` պարուսոյցներ տէր եւ տիկին Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններու. անոնց եւ  աշակերտներուն միջեւ եղած սերտ ու հարազատ յարաբերութեան դրսեւորումը յստակ էր ամբողջ ելոյթին ընթացքին եւ աւելի շեշտուեցաւ աւարտին, երբ անոնք եւս բեմ բարձրանալով,  միացան իրենց աշակերտներուն` յաջողութիւնը միասին տօնելու:

Դիւրին է խօսիլ այն մասին, որ այսքան մեծ թիւով փոքրեր, պատանիներ եւ երիտասարդութեան դռները հասած տղաք ու աղջիկներ հերթաբար բեմին վրայ պիտի յայտնուին` ամբողջ ամիսներ իրենց սորվածը հանրութեան ներկայացնելու, սակայն պահ մը պէտք է երեւակայել, թէ որքա՜ն մեծ ճիգի, աշխատանքի ու համագործակցութեան կարիք կայ, որ այդ 245 տղաքն ու աղջիկները կարենան այնքան կանոնաւոր կերպով, կազմակերպուած, թատերական ներկայացման ընդհանուր պարունակին տակ համադրած թեմաներով բեմ բարձրանալ ամենայն ճշգրտութեամբ, համապատասխան տարազներով ու դիմայարդարումով, պարային տպաւորիչ ներդաշնակութեամբ եւ գրաւեն սրահ մը ամբողջ, ուր կան տարբեր մասնագիտութեան տէր, տարբեր տարիքի անձնաւորութիւններ, որոնք բոլորն ալ զանազան առիթներով բուռն ծափողջոյններով իրենց գնահատանք ու արժեւորումը արտայայտեցին:

Դժուար է, այո՛, սակայն` ոչ անկարելի: Ասոր փաստը տուին Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները, որոնք երկու յաջորդական օրեր լիբանանահայ արուեստասէրներուն առիթ տուին անջատուելու իրենց առօրեայէն ու ապրելու անմեղութեան եւ հեքիաթային աշխարհի մէջ:

Հետաքրքրական եւ ողջունելի էր այն, որ այս տարի ընտրուած էին երկու հիմնական նիւթեր` համաշխարհային ճանաչում վայելող եւ բոլորին կողմէ սիրուած կերպար հանդիսացող «Մոկլի»-ի պատմութիւնը եւ «Կաթիլ մը մեղր»-ը: Երկու բաժինէ բաղկացած ելոյթէն իւրաքանչիւրին մատուցուեցաւ նիւթերէն մին, մարմին առին համապատասխան կերպարներ, ուրուագծուեցան դէպքեր, վայրեր, ժամանակներ,  ստեղծուեցաւ համապատասխան մթնոլորտ: Այս բոլորը` հիմնականօրէն պարի ճամբով, կային նաեւ թատերական սեղմ պատկերներ: Այս բոլորը աւելի կը համեմուէին ու կ՛իմաստաւորուէին բեմին ետին տեղադրուած պաստառին վրայ երեւցող լէյզըրով գծուած պատկերներով («Մոկլի»-ի պարագային) եւ մեծ հմտութեամբ ու զմայլելի մանրամասնութիւններով տեղւոյն վրայ գծագրուող աւազէ ստուերանկարներով, որոնց երկուքին հեղինակն էր Հայաստանէն յատուկ հրաւիրուած արուեստագէտ Աննա Ամասին:

Առաջին բաժինով աւելի փոքր տարիքով խումբերը հանդէս եկան տարբեր պարերով, որոնք առնչուած են Մոկլիին, Պաղիրային, Պալուին եւ անտառի կեանքին, ինչպէս` թիթեռնիկներու, չղջիկներու, ծաղիկներու, կապիկներու, թռչուններու, հնդիկներու պարերը: Բաւական տիրական ներկայութիւն էին հիմնական հերոսները, որոնք գրեթէ միշտ բեմին վրայ դերակատար էին: Այս  բաժինի վերջին պարը յատկանշական էր անով, որ տղաքն ու աղջիկները, բեմին վրայ իրենց մէկ մասին պարելու կողքին, տարածուեցան սրահին մէջ ու ժողովուրդ եւ պարի դպրոցի աշակերտներ միասնաբար խանդավառ մթնոլորտի մէջ եզրափակեցին առաջին բաժինը:

Երկրորդ բաժինով փառաբանուեցաւ Յովհաննէս Թումանեան, որուն 150-ամեակի նշումը կատարուեցաւ այսպիսով: Հովիւներն ու շունը, մեղուները, շունն ու կատուն, խանութպանը եւ այլ դերակատարներ լեցուցին բեմը` յաջորդաբար իրենց դերերը կատարելով, իսկ անոնց զուգահեռ, տարբեր խումբեր ներկայացուցին` նազպար, հեթանոսական պար, կռիւի տեսարաններ, եարխուշտա, կրակներու պար, լացի պար: Իսկապէս տպաւորիչ էր ընդհանուր պատկերը, իւրաքանչիւր տեսարան կու գար ամբողջացնելու միւսը, որպէսզի աւարտին հանդիսատեսին մտքին մէջ դրոշմուի Թումանեանի նշանաւոր ստեղծագործութիւնը:

Տարազներու յղացումը կատարած էր Նայիրի Ալեքսանտրեան-Կէօզիւպէօյիւքեանը, իրագործումը` Մարիան Աբիկեանը եւ Աբօ Կիրակոսեանը, հանդերձապահն էր Յարութ Պալիքեանը, դիմայարդարումի պատասխանատուներ էին  Նայիրի Ալեքսանտրեան-Կէօզիւպէօյիւքեանը եւ Պայծառ Կիրակոսեան, բեմայարդարումի հեղինակն էր Յարութ Հարպոյեանը, ձայնի եւ լոյսի սարքաւորումի ետին կանգնած էր «Ռիչ լայթ»-ը, նկարահանումի` «Հայ Ռեզ փրոտաքշընզ»-ը, իսկ որմազդի յղացումը եւ տպագրութիւնը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ կատարուած էր:

Մեծապէս զգալի էր, որ իւրաքանչիւր պատասխանատու իր առաւելագոյնը փորձած էր կատարել, որպէսզի իր բաժինին մէջ լաւագոյնը դրսեւորելով` կարենար օգնել ընդհանուր յաջողութեան: Իսկապէս ալ, Համազգայինի պատասխանատուներէն մինչեւ քուլիսներու ետին մեծ թէ փոքր աշխատանք ստանձնած անձերուն համագործակցութեամբ, ժրաջան աշխատանքով կարելի եղաւ հոյակապ ելոյթ մը նուիրել լիբանանահայութեան: Հանդիսատեսը բեմին վրայ տեսաւ անուշիկ տղաքն ու աղջիկները, կարգ ու կանոնով, սակայն ոչ ոք կրնայ երեւակայել, թէ ինչե՜ր տեղի կ՛ունենան բեմին ետին, ուր մեծաթիւ կամաւորներ մեղուի փեթակի կը վերածեն այդ տարածքը, որպէսզի ամէն ինչ կատարեալ ըլլայ, եւ իւրաքանչիւր աշակերտ լաւագոյն արտաքինով ու ներաշխարհով բարձրանայ բեմ:

Վա՛րձքը կատար բոլորին:

Կեցցե՛ն պարուսոյցները, որոնք կրցան պարի նկատմամբ այսքան սէր սերմանել աշակերտներուն մէջ, պատասխանատուներն ու կազմակերպիչները, որոնք փորձած էին առաւելագոյնը ընել, թերեւս` նուազագոյն կարելիութիւններով, երեւցող ու լռելեայն գործող իւրաքանչիւր անձ, որ մասնակից դարձաւ զոյգ ելոյթներու յաջողութեան:

Յատկապէս կեցցե՛ն աշակերտները, որոնք տարուած աշխատանքին լաւագոյն դրսեւորումը հանդիսացան, ի գործ դրուած ճիգը ի դերեւ չհանեցին, պարեցին եռանդով, ժպիտով, ինքնաբուխ, երբեմն շատ ճշգրիտ, երբեմն փոքր վրիպումով, սակայն` միշտ զգացնելով, որ իրենք համոզուած եւ սիրով կը պարեն, որպէսզի շարունակուին ու յարատեւեն հայ թատրոնն ու երգը, երաժշտութիւնն ու պարը: