100-էն Աւելի Սուրիացի Կարիքաւոր Ընտանիքներու Հայաստանէն Հասած Նուէրներ Բաշխուած Են

Հայաստան, Սփիւռք

Հալէպ քաղաքի մշակոյթի տան մէջ, 17 Յունիսին, հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ սուրիացի երեխաներուն համար ձեռնարկ մը կազմակերպուած է:

Ըստ «Գանձասար»-ի՝ ձեռնարկին ներկայ եղած են Հալէպի փոխնահանգապետ Քումիտ Աասին, Հալէպի քաղաքապետ Մաատ ալ մատլաճին, Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ հայկական մարդասիրական խումբի պատասխանատու Արկատի Տօնոյեան, «Մարդասիրական Ականազերծման եւ Փորձագիտական Կեդրոն»ի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլպակեանն ու մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ներկայացուցիչները` ականազերծողներն ու բժիշկները: