Երեւան-Վան՝ Ուղիղ Թռիչք

Էրկիր, Հայաստան

«Սփութնիք Արմէնիա»-ն հաղորդեց, որ Երկուշաբթի, 10 Յունիսին Երեւանի եւ Վանի միջեւ տեղի ունեցաւ մասնաւոր թռիչք մը: Անիկա չարթըր թռիչք մը եղած է, սակայն կը համարուի շատ յատկանշական: Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը տարի առաջ խնդրոյ առարկայ դարձած էր Երեւանի եւ Վանի միջեւ ուղիղ թռիչքներու կազմակերպումը, սակայն աւելի ուշ, վերջին պահուն, այդ ծրագիրը ձախողած էր: Ներկայիս, բացառութեան կարգով տեղի ունեցած է այդ ուղղութեան վրայ թռիչք մը:

Յատուկ թռիչքը փոխադրեց Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Իշխան Զաքարեանի: Օդանաւի ուղեւորներու շարքին էին նաեւ խումբ մը մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ: Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ նոյնպէս այդ ուղեւորներու շարքին էր:

Երեւանէն Վան հասնող թռիչքին ուղեւորները, Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ՝ օդակայանի մէջ դիմաւորուեցան պաշտօնատարներու կողմէ: Անոնք այցելեցին Վան եւ Իգդիր: Այս երկու քաղաքներուն մէջ Իշխան Զաքարեան եւ ընկերակիցները հիւրընկալուեցան համաքաղաքապետներուն կողմէ: Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Աղթամար կղզի, ուր Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին ուխտի աղօթք մը:

Վանի համաքաղաքապետներուն հետ զրուցելու ատեն Իշխան Զաքարեան օրակարգի վրայ բերաւ յաջորդ Համահայկական խաղերը Վանի եւ Երեւանի մէջ կազմակերպելու գաղափարը: Իշխան Զաքարեան նոյն ժամանակ Վանի եւ Իգդիրի համաքաղաքապետներուն հրաւէրներ յանձնեց՝ մասնակցելու համար յառաջիկայ Համահայկական խաղերու բացման:

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ Օգոստոսին նախատեսուած են Համահայկական 7-րդ խաղերը, որոնց բացումը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ եւ ծրագիրը պիտի շարունակուի Երեւանի մէջ:

Համահայկական 7-րդ խաղերուն ընդառաջ, Համաշխարհային կոմիտէի անդամները Երեւան-Վան թռիչքով Թուրքիա եկան Մուսա լերան մէջ մօտալուտ խաղերուն ջահը վառելու նպատակով:

 

«ԺԱՄԱՆԱԿ»