Հայաստան Ընտրուած է «Մշակութային Ինքնարտայայտման Ձեւերու Բազմազանութեան Պաշտպանութեան եւ Խրախուսման» Միութեան Միջկառավարական Կոմիտէի Անդամ

Աշխարհ, Հայաստան

Փարիզի մէջ, Յունիս 5-7, տեղի ունեցած է UNESCO-ի «Մշակութային Ինքնարտայայտման Ձեւերու Բազմազանութեան Պաշտպանութեան եւ Խրախուսման» միութեան անդամ պետութիւններու համաժողովին 7-րդ նիստը, որուն ընթացքին Հայաստան ընտրուած է միութեան միջկառավարական կոմիտէի անդամ` 2019-2023 ժամանակաշրջանին համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։

Տարածաշրջանային վեց խումբերը ներկայացնող 24 անդամէ բաղկացած միջկառավարական կոմիտէն միշտ կը հետեւի անդամ պետութիւններու կողմէն 2005-ին սկսած միութեան աշխատանքին՝ հաւանութիւն տալով մշակութային բազմազանութեան միջազգային հիմնադրամէն նախագիծերու նիւթական աջակցութեան, կ’ուսումնասիրէ երկիրներու կողմէն ներկայացուած ազգային զեկոյցները: