Համայն Պելառուսիոյ Պատրիարքական Էգզարխ Նորին Սրբազնութիւն Պաւէլը Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր Այցելած է

Աշխարհ, Հայաստան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրով Հայաստան ժամանած Համայն Պելառուսիոյ Պատրիարքական Էգզարխ, Մինսկի եւ Զասլաւի միթրոփոլիթ Նորին Սրբազնութիւն Պաւէլը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեանի, Պելառուսիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Ղեւոնդեանի ուղեկցութեամբ՝ Յունիս 11-ին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն ներս։

Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն: