Ծանօթանանք Բերիոյ Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդին՝ Գերշ. Տէր Մասիս Եպիսկոպոս Զոպույեանին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Աւազանի անունով Արա Զոպույեան, որդին Գրիգորի եւ Էլիզապէթի, ծնած է 1975-ին, Պուրճ Համուտ, Լիբանան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է, Ազգ. Աբգարեան վարժարանի եւ ապա Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Գոլէճի մէջ:

1991-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, ուր եօթնամեայ ուսումնական ծրագիրը աւարտելէ ետք, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է՝ 1997-ին, ձեռամբ՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի եւ վերանուանուած՝ Մասիս Աբեղայ:

1997 էն 2002 տարիներու ընթացքին ստանձնած է Դպրեվանքի հսկիչի, Կիլիկիա թանգարանի փոխ-տեսուչի. Վեհափառ Հայրապետի գաւազանակիրի պաշտօնները: Նոյն միջոցին հետեւած է հնագիտական դասընթացքներու, Պէյրութի Սան Ժոզէֆ համալսարանին (USJ) մէջ:

2002-ին, Եղիշէի «Արարածոց Մեկնութիւն»ը կատարելով, ստացած է Վարդապետական աստիճան ձեռամբ` Քուէյթի եւ Ծոցի Երկիրներու Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Եփրեմ Արք. Թապագեանի, նոյն տարին, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ մեկնած է Ֆրանսա, ուսանելու համար Սթրազպուրկի պետական աստուածաբանական համալսարանը:

Համալսարանի ընթացքը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք վերադարձած է ու 2004-ին անմիջապէս Վեհափառ Հայրապետիn տնօրինումով նշանակուած է Բերիոյ Թեմի Ճէզիրէի շրջանի Առաջնորդական Փոխանորդ: Երեք տարիներու ծառայութենէն ետք, նշանակուած է Դպրեվանքի փոխտեսուչ, ապա մէկուկէս տարի ծառայած է Յունաստանի Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին` հոգեւոր հովուութեան պաշտօնով:

2010-ին, Նորին Սրբութեան տնօրինումով, վերադառնալով Անթիլիաս, յաջորդաբար ստանձնած է Կիլիկիա թանգարանի տեսչութեան, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի, քահանայից պատրաստութեան դասարանի վարիչի եւ Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց փոխ-վարիչի պաշտօնները: Միաժամանակ, եղած է Լիբանանի Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան եւ Քրիստոնէական Միացեալ Կրօնական Դասագրքի Պատրաստութեան վարչութիւններու մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ:

2012-ին, «1914 – 1938 տարիներու շրջանին, Անտիոքի Թեմէն Սահակ Կաթողիկոսին ուղղուած նամակներ» թղթածրարի ուսումնասիրութիւնը կատարելով, ստացած է Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան` ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Եպս. Սարգիսեանի:

2013-ին նշանակուած է Կաթողիկոսական Փոխանորդ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին:

24 Մարտ 2015-ին Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովը միաձայնութեամբ ընտրած է Գերպ. Հայր Սուրբը Թեմին Առաջնորդ:

15 Ապրիլ 2018 ին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ, Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ձեռամբ:

Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զոպույեան Քուէյթի մէջ առաջին օրէն տարած է կրօնական եւ եկեղեցաշինութեան հսկայ աշխատանք: Իր շրջանին, աւելի քան յիսուն տարուան քուէյթի հայ համայնքը կրցած է ունենալ սեփական եկեղեցւոյ եւ Ազգային Առաջնորդարանի կառոյց մը, որ կարճ ժամանակ մը ետք դարձած է նաեւ ազգային աշխոյժ կեդրոն: Սրբազան Հայրը մինչեւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ ընտրուիլը կը շարունակէր իր ծառայութիւնը իբրեւ Առաջնորդ Քուէյթի եւ Շրջակայքի Հայոց Թեմին:

Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զոպույեան 2 Յունիս 2019-ին գումարուած Բերիոյ Հայոց Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 166-րդ նիստին, միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ:

“Գանձասար”