Արցախի ԱԳՆ Ղեկավարը Ընդունած է Լիբանանի Հայկազեան Համալսարանի Պատուիրակութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, Յունիս 11-ին, ընդունած է Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի «Heritage Club» ուսանողական ակումբի անդամները՝ համալսարանի ուսանողական գրասենեակի տնօրէն Ռազմիկ Գաբրիէլեանի գլխաւորութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ ողջունելով պատուիրակութեան անդամները՝ Մասիս Մայիլեան գոհունակութիւն յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայկազեան համալսարանի միջեւ 2018-ին հաստատուած եւ լաւ կերպով զարգացող համագործակցութեան կապակցութեամբ։ ԱԳ նախարարը նշած է փոխշահաւէտ համագործակցութեան պահպանման եւ յետագայ խորացման կարեւորութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը պատասխանած է ուսանողներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ համահայկական նշանակութեան հարցերու առաջմղման գործին մէջ Սփիւռքի դերին:

Հայկազեան համալսարանի ուսանողները Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան գրադարանին նուիրած են պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան վերաբերող գիրքեր: