Հանդիպում ԵՌԱԿ-ի «Մ. Փորթուգալեան» Ուսանողական Միաւորի Եւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ
Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, «Աբրահամ Աշճեան» ուսանողական-երիտասարդական կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ԵՌԱԿ-ի «Մ. Փորթուգալեան» ուսանողական միաւորի եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ:
«Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ ընկերային մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը ծանօթացման նպատակ ունէր, անոր ընթացքին զոյգ միութիւնները ծանօթացուցին իրենց ներկայացուցած կառոյցները, տարած աշխատանքները եւ ապագայի ծրագիրները: Քննարկուեցան համագործակցութեան վերաբերող ծրագիրներ:
Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու ժամանակակից երիտասարդը յուզող հարցեր:
