Փրակայի Դատարանը Որոշած է Նարեկ Սարգսեանը Հայաստանին Արտայանձնել

Աշխարհ, Հայաստան

Չեխիան կրնայ Հայաստանին արտայանձնել ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօրորդուն՝ Նարեկ Սարգսեանին: Փրակայի քաղաքային դատարանը՝ նախորդ շաբաթ՝ այդ հարցին վերաբերեալ կայացուցած է դրական որոշում: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, յայտնած է մամուլի քարտուղար Մարգէդ Փուչին։

Ըստ չեխական Tyden պարբերականի, ապօրինի զէնք պահելու եւ վաճառելու համար մեղադրուողի արտայանձնման հարցը դեռ պէտք է ուսումնասիրէ արդարադատութեան նախարարը:

Հայաստանի իրաւապահները Նարեկ Սարգսեանին մեղադրանք ներկայացուցած են 2018-ի ամրան, երբ վերջինիս՝ Երեւանի կեդրոնը գտնուող բնակարանին մէջ յայտնաբերած էին ապօրինի զէնք ու թմրանիւթեր: Ի դէպ, ասիկա Սարգսեանին վերագրուող յանցանքներու ամբողջական ցանկը չէ, Հայաստանի ոստիկանութիւնը նաեւ նշած է, որ յայտնաբերման պահուն վերջինս ներկայացուցած է Կուատեմալայի քաղաքացիի կեղծ անձնագիր՝ Ֆրանքլին Կոնսալեսի անհատական տուեալներով։

Սարգսեանի դէմ յարուցուած է քրէական գործ՝ ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելու, իրացնելու, պահելու, փոխադրելու կամ կրելու եւ թմրամիջոցներու, հոգեմետ (հոգեներգործուն) նիւթերու եւ անոնց ապօրինի շրջանառութիւնը իրացնելու կամ պատրաստելու նպատակով կամ զանոնք ապօրինի իրացնելու յատկանիշներով: