ԵՄ-ն Հայաստանին 25 Միլիոն Եւրօ Լրացուցիչ Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրէ
Եւրոմիութիւնը, նախորդ տարիներուն համեմատ, աւելցուցած է Հայաստանին տրուող աջակցութեան չափը: Բացի այդ, 2019-ի համար նախատեսած է 25 միլիոն եւրոյի չափով լրացուցիչ աջակցութիւն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ԱԺ եւրոպական ընդելուզման հարցերու եւ ֆինանսավարկային ու պիւտճէի հարցերու մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին յայտնեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան:
«ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու դրական զարգացման արտայայտութիւններէն էր այն, որ 2019-ի համար ԵՄ-ի տարեկան գործողութիւններու ծրագրի ներքոյ՝ առաջարկներու ամփոփման ընթացքին են Հայաստանի համար նոր արհեստագիտական աջակցութեան ծրագրերը: 2019-ի համար Եւրոմիութեան կողմէ նախատեսուած է 40 միլիոն եւրոյի չափով աջակցութիւն, որուն կ՝աւելցուի լրացուցիչ 25 միլիոն եւրոյի ֆոնտ: Ընդհանուր 65 միլիոն եւրոյի չափով աջակցութիւն պիտի ունենանք ԵՄ-ի կողմէ, որ կտրականապէս աճած է 2018-ի եւ առաւել եւս 2017-ի համեմատ»,- ներկայացուց Մնացականեան:
Նախարարը նշեց, որ 2018-ին երկկողմ այցերը բաւական հզօր եղած են: Հայաստանի միջգերատեսչական պատուիրակութիւնը նաեւ առանձին այցեր կը նախատեսէ դէպի ԵՄ շարք մը անդամ երկիրներ` խթանելու համար մուտքի արտօնագրերու ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկը: Առաջին նման այցը իրականացուած է Յունուարին Գերմանիոյ մէջ: Նախարարը վստահեցուց, որ գործընթացը շարունակական է:
