ԱՄՆ Նախագահի Թեկնածուներ Նեցուկ Կը Կանգնին Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2020ի նախագահական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը դրած վեց ծերակուտականներէն երեքը, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան չորս քոնկրեսականներէն երեքը համահովանաւորներ դարձած են յաջորդաբար Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւերուն:

Արդարեւ, դեմոկրատ ծերակուտական Պըրնի Սենտըրզ այս շաբաթ որոշեց միանալ Ծերակոյտին ներկայացուած թիւ 150 բանաձեւը հովանաւորողներուն։

Նախապէս, դեմոկրատ ծերակուտականներ եւ նախահագի թեկնածուներ Էլիզապեթ Ուուրըն եւ Քամալա Հերիս եւս որոշած էին հովանաւորել այս բանաձեւը։

Նշենք, որ բանաձեւը նեկայացուած էր Նիւ Ճըրզիէն Պապ Մենենտեզի եւ Թեքսասէն Թետ Քրուզի կողմէ եւ ցարդ ունի 18 հովանաւորներ։

Ներկայացուցիչներու տունէն նախագահի թեկնածուներէն Թուլսի Կապարտ, Սեթ Մուլթըն եւ Թիմ Ռայըն կը զօրակցին Ցեղասպանութեան բանաձեւին։

0606pete-buttigieg

Փիթ Պիւթիճիչ Ֆրեզնոյի հաւաքին ընթացքին (Լուսանկարը՝ Լորա Ցուցուի)

Թիւ 296 բանաձեւը ներկայացուած էր Էտըմ Շիֆի եւ Կաս Պիլիրաքիսի կողմէ ու ցարդ ունի 102 հովանաւորներ։

2020-ի նախագահական ընտրութեանց այլ թեկնածու մը՝ Ինտիանայի քաղաքապետ Փիթ Պիւթիճիչ, 3 Յունիսին, Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին նոյնպէս կոչ ըրած էր «իրականութիւնը ճանչնալու», ի պատասխան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին լրագրողի մը հարցումին։ Ան աւելցուցած էր, թէ պէտք է ուշադրութեամբ ուսումնասիրել պատմութիւնը, մարդկային իրաւունքները յարգող քաղաքականութիւն որդեգրելու համար։

Այս հաւաքին տեսանիւթը դիտելու համար՝ այցելել https://youtu.be/jom-ABXKezYկայքէջը։