Անհրաժեշտ է Պետականօրէն Նշել Իրաւական Հռչակագիրներուն 100-ամեակները․ Կիրօ Մանոյեան

Հայաստան

Միացեալ Հայաստանի անկախութեան հռչակման 100-ամեակիննուիրուած գիտաժողով

Մայիս 24-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային (ԳԱԱ) մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան եւ ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկին նախաձեռնած «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան` 28 մայիս 1919-ի հռչակագիրը. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը, որ նուիրուած է անկախ, միացեալ Հայաստանի հռչակման 100-ամեակին: Գիտաժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ հռչակագիրին պատմական կարեւորութիւնը, վեր առնուեցան անոր քաղաքական նշանակութիւնը, հեռանկարները եւ այլն:

ՀՅԴ Բիւրոյի ողջոյնի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, որ հիմնականօրէն անդրադարձաւ այդ հռչակագիրի քաղաքական նշանակութեան, ո՛չ միայն այդ օրերուն, այլ նաեւ` մեր հայրենիքի այսօրուան եւ վաղուան համար, մեր ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման` պատմական արդարութեան վերականգնման տեսանկիւնէն:

«Համաձայն հայ ժողովուրդի միահամուռ կամքին եւ ցանկութեան», Հայաստանի կառավարութիւնը «Հայաստանի բաժան-բաժան մասերը մշտնջենապէս միացած» յայտարարեց: Իր այդ յայտարարութեամբ, Հայաստանի կառավարութիւնը կը հետեւէր 1919 թուականի փետրուարին Երեւանի մէջ կայացած Արեւմտահայ Բ. համագումարի յայտարարութեան` առ այն, «որ ան Հայաստանը միացեալ ու անկախ կը ճանչնայ: Կառավարութեան յայտարարութիւնը նաեւ իրաւական ձեւակերպում եւ հիմք կու տայ 1918 թուականի օգոստոս 1-ին, Հայաստանի օրէնսդիր մարմինի` խորհուրդի նախագահ Աւետիք Սահակեանի յայտարարութեան, «որ երկրի սահմանները քարացած չեն կրնար մնալ միշտ, ես կը հաւատամ, որ մեր երկրի սահմանները կ՛ընդարձակուին կեանքի երկաթէ ուժով, մեր արդար եւ անվիճելի իրաւունքներու պաշտպանութեամբ` գրաւուած հողամասերուն վերաբերեալ»:

«1919 թուականի մայիս 28-ի հռչակագիրը իրողական միջազգային ճանաչում ստացաւ 1920 թուականի օգոստոս 10-ին ստորագրուած Սեւրի պայմանագիրով, իսկ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ յստակ սահմանագծում ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի 1920 թուականի նոյեմբեր 22-ի` Հայաստան-Թուրքիա սահմանին մասին իրաւարար վճիռով:

Այս իրաւական հռչակագիրները կը հանդիսանան իրաւական այն վէմը, որ նաեւ այսօր կը ճշգրտէ Հայաստան-Թուրքիա իրաւական սահմանը: Ահա, մօտ երեսուն տարի է, որ Թուրքիան Հայաստանի Հանրապետութենէն կը պահանջէ հրաժարիլ այդ իրաւունքէն: Այն փաստը, որ վերանկախացումէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը տարածքային պահանջ չէ ներկայացուցած Թուրքիոյ, չի նշանակեր, որ հրաժարած է այդ իրաւունքէն: Սակայն, անհրաժեշտ է փոխել Հայաստանի Հանրապետութեան այդ պահուածքը եւ ձեռնարկել քայլերու, որոնք կ՛ամրագրեն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ հրաժարած այդ իրաւունքէն: Յատկապէս այս տեսանկիւնէն, անհրաժեշտ է պետականօրէն նշել այս իրաւական հռչակագիրներուն 100-ամեակները` սկսելով Միացեալ Հայաստանի անկախութեան յայտարարութենէն», շեշտեց ան:

Կիրօ Մանոյեան դիտել տուաւ, որ այսօրուան ներքաղաքական իրադարձութիւնները չեն կրնար պատճառ դառնալ, որ մենք իբրեւ պետութիւն անուշադրութեան մատնենք այս կարեւոր քաղաքական գիծը: «Տակաւին ժամանակ կայ եւ կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այդ ուղղութեամբ քայլերու պիտի ձեռնարկեն եթէ ոչ յառաջիկայ օրերուն, առնուազն յառաջիկայ շաբաթներուն: Իսկ եթէ որեւէ մէկը կարիքը ունի պատմական հիմնաւորումներու, վստահ եմ` այս գիտաժողովի նիւթերը բաւարար կ՛ըլլան բոլորը զինելու անհրաժեշտ փաստերով», ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան:

Անկէ ետք ներկայացուեցան զեկուցումներ, կատարուեցան քննարկումներ: