Ժողովուրդը Պատանդ Չէ Նախկիններուն Կամ Ներկաներուն Ձեռքը. Արմէն Ռուստամեան

Հայաստան

Ունինք մեր յստակ օրակարգն ու հանրահաւաքի ժամանակ հնչած գաղափարները, ծրագիրները: Կոչ կ՝ընենք լրջութեան եւ կ՝ընդգծենք` այսօրուան իշխանութիւնները պէտք է սթափուին ու լրջանան։ Ըստ Yerkir.am-ի՝ ՀՅԴ նախաձեռնած հանահաւաքէն ետք, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան:

Ըստ անոր` ճիշդ նպատակ դնելով, բայց սխալ միջոցներով այդ նպատակներէն պիտի հեռանանք։ Ան ցաւով արձանագրած է` անցեալ տարի սկիզբ առած շարժումը, որ համաժողովրդական բնոյթ, բոլորովին այլ մակարդակ ու ծաւալ ունէր, հիմա առնուազն այդպիսին չէ, ու ատոր խոր վելուծութիւնը պէտք է ընել, քանի որ ինքնագոհ կեցուածքով շարունակել հնարաւոր չէ:

«Մեր ժողովուրդն ու հասարակութիւնը պատանդ չէ ո՛չ նախկիններու, ո՛չ ներկաներու ձեռքը: Եթէ անոնք իրարու հետ հարց ունին լուծելու, կրնան այդ հարցերը լուծել իրենց տեղը ու իրենց ձեւերով: Կարելի չէ ըսել, թէ դատարաններ չկան Հայաստանի մէջ, պետական հիմնարկներու նկատմամբ այդ նիհիլիզմը չի կրնար լաւ տեղ տանիլ: Սահմանադրական փոփոխութիւններ կրնան ընել, 88 պատգամաւոր են Ազգային ժողովին մէջ, մեծամասնութիւն են, իսկ այդ մեծամասնութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ ամէն ինչ ընելու օրինական ճանապարհով»,- ըսած է Ռուստամեան:

Անդրադառնալով անցումային արդարադատութեան ու օրեր առաջ կազմակերպուած` դատարաններու մուտքերը փակելու շարժման` ան աւելցուցած է. «Անցումային արդարադատութեան նպատակը հաշտութեան ու համերաշխութեան հասնիլն է, սերունդներու խզուած համերաշխութիւնը վերականգնելն է, բայց այսօր մենք ճիշդ հակառակը կ՝ընենք: Աւելի լաւ էր անցումային արդարադատութիւն ըլլար, քան միանձնեայ դատավարութիւններ»: