Ռոպերթ Քոչարեանի Դատավարութիւնը Կասեցուեցաւ. Գործը Կը Տեղափոխուի Սահմանադրական Դատարան

Հայաստան

Դատախազութիւնը կը պատրաստուի բողոքարկել Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու մասին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի Մայիս 18-ի որոշումը: Այս մասին յայտնեց գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան:

Յիշեցնենք, որ Մայիս 18-ին, դատարանը՝ դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի նախագահութեամբ, փոխեց Քոչարեանի խափանման միջոցը՝ կալանաւորումը, անձնական երաշխաւորութեամբ զայն ազատ արձակելով բանտէն:

Աբրահամեան տեղեկացուց նաեւ, որ դատախազութիւնը մտադիր է ինքնաբացարկի միջնորդութիւն ներկայացնել դատաւորին:

Ըստ «Փաստինֆօ»-ի ունեցած տեղեկութիւններուն՝ դատաւորը որոշում տուաւ վարոյթը կասեցնելու եւ դիմելու Սահմանադրական դատարան: Քոչարեանի պաշտպանական խումբի մամլոյ քարտուղարը տեղեկացուց, որ դեռեւս չեն ստացած որոշումը, հետեւաբար այս պահուն չեն կրնար մեկնաբանութիւններ կատարել:

Նման տեղեկութիւն ստացած է նաեւ «Սիվիլնեթ»-ը՝ Մարտ 1-ի անջատուած գործով մեղադրեալ Սէյրան Օհանեանի պաշտպաններէն Ինեսսա Պետրոսեանէն:

«Դատարանը որոշած է գործի վարոյթը կասեցնել ու ուղարկել Սահմանադրական դատարան 300.1 յօդուածի հետ (Սահմանադրական կարգը տապալելու) կապուած սահմանադրականութեան հարցը որոշելու հետ»,- յայտնեց Պետրոսեան:

Նշենք, որ Հայաստանի դատախազութիւնը յայտարարեց, որ Քոչարեանի գործը քննող Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը ինքնաբացարկ յայտնելու վերաբերեալ միջնորդութիւն պիտի ներկայացնեն:

Նախապէս դատախազները յայտարարած էին, որ կը պատրաստուին Քոչարեանի կալանքը անձնական երաշխաւորութեամբ փոխելու դատարանի որոշումը բողոքարկել: