Հայկական Միջազգային Ակնաբուժական Գիտաժողովին Պիտի Մասնակցին 12 Երկրի Բարձրակարգ Մասնագէտներ

Հայաստան, Սփիւռք

«Երիտասարդ ակնաբոյժներու հայկական ընկերակցութեան» եւ «Համահայկական ակնաբոյժներու ընկերակցութեան» համատեղ երկրորդ տարեկան ակնաբուժական գիտաժողովին  դասախօսութիւններով հանդէս պիտի գան 12 երկրէ հրաւիրուած հանրաճանաչ ակնաբոյժներ:

Գիտաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 18-19 Մայիսին, Երեւանի «Իպիս» հիւրանոցին մէջ, կազմակերպուած է Հայաստանի առողջապահութեան ոլորտի զարգացման ռազմավարութեան նպատակներուն համահունչ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Գիտաժողովին պիտի մասնակցին առողջապահութեան նախարարը, Բժշկական համալսարանի տնօրէնը եւ Երեւանի քաղաքապետարանի առողջապահութեան վարչութիւնը:

Ձեռնարկին կարեւոր բաղկացուցիչ մասը կը հանդիսանայ կենդանի վիրաբուժութիւնը (Live surgery), որուն շնորհիւ համաժողովին մասնակցողները կարելիութիւնը պիտի ունենան առցանց հարցումներ ուղղելու վիրաբուժներուն: