Վալանսի Մէջ Մշակութային Երեկոյթ Նուիրուած Յովհ. Թումանեանի Եւ Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակին

Սփիւռք

Բէկի Էքմանեան-Պայրամեան

Մեծերու յոբելեանները հրաշալի առիթ են ոչ միայն յիշելու ու յարգանքի տուրք մատուցանելու, այլ նաեւ վերաիմաստաւորելու անոնց գործն ու վաստակը, նորովի վերծանելու անոնց հայրենաշէն գաղափարներն ու պատգամները: 2019 թուականը կը զուգադիպի հայ ազգի երկու հանճարներու՝ Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն, զորս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ներառած է հռչակաւոր մարդոց 2018-2019 թուականներու օրացոյցին մէջ:

Այս առթիւ, 7 Մայիսին, Վալանսի Հայ մշակոյթի տան գրադարանը, տիկին Սուզան Փեհլիվանեանի նախաձեռնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ՝ կազմակերպեց գրական երեկոյթ մը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր համայնքին վերջին տասնամեակներու պատմութեան մէջ:

Հայ մշակոյթի տան ատենապետ Նազօ Ալան Ճինպաշեանի բարի գալուստի խօսքերով եւ Անդրանիկ քհնյ. Մալճեանի օրհնութեամբ սկիզբ առաւ երեկոյթը: Վալանսի Հայ մշակոյթի տան վարչութեան անդամ եւ գրադարանի ընդհանուր պատասխանատու Սուզան Փեհլիվանեան իր բացման խօսքով շնչաւորեց Թումանեանի եւ Կոմիտասի ծնունդները՝ արտասանելով Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Աւետիսի»ն: Ապա տիկին Մարալ Հարպոյեան ներկայացուց կենսագրականը անզուգական եւ անկրկնելի Կոմիտաս վարդապետին՝ մէջբերելով անոր մասին մեր մեծերուն կատարած վաւերական վկայութիւնները: Հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն ամէնէն հոգեհարազատ եւ հայու հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած, վերաթարմացուցած ու իւրովի շնչաւորած, նաեւ՝ աշխարհով մէկ հնչեցուցած ու տարածած Կոմիտաս վարդապետը ներկայացուց տիկին Սիւզի Էքմանեան-Սարգիսեան, այնուհետեւ ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ ունկնդրեցին Կոմիտասի «Երկիր Դրախտավայր»ը՝ կատարողութեամբ Վալանսի հոգեւոր հովիւ Անդրանիկ քահանայի:

Բանաստեղծ, արձակագիր, գրական, ազգային եւ հասարակական գործիչ Յովհաննէս Թումանեանի կենսագրութիւնը գեղեցիկ ձեւով ներկայացուց տիկին Սուզան Փեհլիվանեան: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Թումանեանի «Հայրենիքիս Հետ», «Խրճիթում» եւ «Հայոց Վիշտը» բանաստեղծութիւններու գեղեցիկ մեկնաբանութիւններով Գոհար Սէմէրճեանի, Արփի Չոլաքեանի եւ Արենի Չոլաքեանի կողմէ: Այնուհետեւ Սիւզի Էքմանեանի կատարած Թումանեանի «Մարօն» բանաստեղծութեան հակիրճ բացատրութենէն ետք, տիկին Արմինէ Ռաստքելէնեան արտասանեց զայն՝ ներկայացնելով հայկական գիւղական կեանքի եւ աւանդութեան անյաղթահարելի դժուարութիւնները: Ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ ունկնդրեցին ժողովրդական արուեստի կատարեալ նմուշներ համարուող եւ համաշխարհային ճանաչում վայելող Կոմիտասի «Կռունկ» եւ «Ծիրանի Ծառ» ստեղծագործութիւնները, կատարողութեամբ ջութակահար տիկին Գայիանէ Կոնինեանի եւ դաշնակահար տիկին Լիլիթ Յովհաննիսեանի:

Սիւզի Էքմանեան իր կարգին խօսելով Թումանեանի մասին, ներկաները անգամ մը եւս փոխադրեց անոր ծննդավայր Լոռի գաւառի Դսեղ գիւղը, այն դիւցազնական աշխարհը, լի՝ հէքեաթներով եւ առասպելներով: Իսկ տիկին Գայիանէ Տէր Սարգիսեան ներկաներուն հրամցուց Թումանեանի «Անդարձ Ճամբորդներ» բանաստեղծութիւնը:

Տիկին Սուզան Փեհլիվանեանի կատարած հակիրճ բացատրութեամբ եւ տիկին Հայկուշ Ռաստքելէնեանի եւ տիկին Յասմիկ Զաքարեան-Կոմէզի անզուգական մեկնաբանութեամբ, ներկաները ունկնդրեցին Կոմիտասի ժառանգութիւններէն «Ես Սարէն Կու գա» եւ «Գարուն ա, ձիւն ա արել» երգերը:

Տիկին Բէկի Էքմանեան-Պայրամեան Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Եղեռնական»էն մէջբերումներ կատարելով՝ ներկայացուց Մեծ Եղեռնի ականատես Կոմիտասը՝ Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած «զոհը»: Այնուհետեւ դաշնակահարուհի Լիլիթ Յովհաննիսեան անգամ մը եւս հրաւիրուեցաւ նուագելու Կոմիտասի «Շուշիկի»ն:

Ողջունելով Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150ամեակը, Բէկի Էքմանեան ներկաներուն ծանօթացուց զայն։

Այնուհետեւ, ձեռնարկին կազմակերպիչը՝ տիկին Սուզան Փեհլիվանեան, Թումանեանի ծննդեան 150ամեակը անգամ մը եւս ողջունելով, անդրադարձաւ մեծանուն բանաստեղծին հայ ազգին ուղղած պատգամին։

Ապա թումանեանական հետեւեալ խօսքերով վերջ գտաւ գրական այս առանձնայատուկ երեկոյթը.

«Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք,

Որ խօսւում է դարէ դար…

Երնէ՜կ նրան, ով լաւ գործով

Կ՛ապրի անվերջ, անդադար։»: