Պուլկարիոյ Մէջ Կայացած է Կոմիտասի 150-ամեակին Նուիրուած Համերգ

Աշխարհ, Հայաստան

«Եւրոպական երաժշտութիւն» փառատօնին ծիրէն ներս՝ Մայիս 13-ին, Սոֆիայի ֆիլհարմոնիկ համերգասրահին մէջ, Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ, տեղի ունեցած է հայ դասական երաժշտահաններու դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու համերգ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։

Համերգին ընթացքին Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Էդուարդ Միրզոյեանի եւ Հայկ Պոյաճեանի գործերը կատարած է հայ երիտասարդ դաշնակահար, միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու դափնեկիր Արմէն-Լեւոն Մանասերեան:

«Եւրոպական երաժշտութիւն» համերգաշարի կազմակերպիչները նշած են, որ առանձնայատուկ նշանակութիւն կու տան Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու յաջորդ սերունդներուն ատոր փոխանցման, եւ այդ գործին մէջ կ՝ապաւինին եւրոպական աշխարհամասին մէջ բնակող ժողովուրդներու կարեւոր առաքելութեան:

Համերգը ունեցած է մեծ յաջողութիւն՝ արժանանալով ունկնդիրներու ջերմ ընդունելութեան: