Չինաստան Պատրաստակամութիւն Յայտնեց Մասնակցելու Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղիի Կառուցման

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխատանքային այցելութեամբ Երեքշաբթի, Մայիս 14-ին իր տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ Պէյճինկ ժամանած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան (ՉԺՀ) նախագահ Շի Ցինփինկի հետ:

Հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու առաջնորդները քննարկեցին հայ-չինական յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Չինաստանի նախագահը նշեց, որ ուրախ է հիւրընկալելու վարչապետ Փաշինեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովին մասնակցելու հրաւէրը ընդունելուն համար: Շի Ցինփինկ նշեց, որ իր երկիրը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ տարբեր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը: Շի Ցինփինկ խօսեցաւ հայ-չինական մշակութային եւ պատմական ամուր փոխյարաբերութիւններու մասին, որոնք «Մետաքսէ Ճանապարհ»ի շնորհիւ են:

«Մենք հայ ժողովրդին լաւ կը ճանչնանք, մեզի յայտնի են Արամ Խաչատրեանի, Արտեմ Միկոյեանի, Յովհաննէս Թումանեանի անունները: Մեզ կը միաւորեն քաղաքակրթութիւններու համագործակցութեան ընդհանուր նպատակները: Մենք քաջածանօթ ենք Հայաստանի պատմական նշանակալի իրադարձութիւններուն: Համոզուած ենք, որ ապագային պէտք է բացառուին հայ ժողովուրդի հետ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերը»,- ըսաւ Շի Ցինփինկ:

Չինաստանի նախագահը ընդգծեց, որ Չինաստան պատրաստ է մասնակցելու Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման եւ այլ ենթակառուցուածքային ծրագիրներու իրականացման:

Ըստ Չինաստանի նախագահին՝ հայկական որոշ արտադրատեսակներ վերջին շրջանին յաջողութեամբ մասնակցած են Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսներուն եւ ներկայացուած են շուկայ: Ցինփինկ վստահութիւն յայտնեց, որ երկկողմ համագործակցութիւնը յառաջիկային կը զարգանայ առեւտրաշրջանառութեան, արդիւնաբերութեան, փոխադրամիջոցներու, մշակոյթի եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ: Չինաստանի նախագահը աւելցուց, որ իր երկիրը յետագային եւս աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ այնպիսի նախագիծերու, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի զարգացման եւ հայ ժողովրդի բարեկեցութեան բարձրացման:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ցինփինկին՝ «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովին հրաւիրելուն եւ այս հանդիպման հնարաւորութեան համար:

«ՉԺՀ-ի հետ յարաբերութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին են: Մեր երկու ժողովուրդները կը ներկայացնեն հին քաղաքակրթութիւններ, հայկական ձեռագիրներուն մէջ դեռ հինգերորդ դարուն կը նկարագրուի երկու ժողովուրդներու կապերուն մասին: Այդ կապերը ունեցած են առեւտրային, մարդասիրական եւ քաղաքական բնոյթ: Մեզի համար շատ կարեւոր է կառուցողական եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւնները Չինաստանի հետ»,- ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ տպաւորուած է Չինաստանի զարգացման օրինակով: Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ Չինաստանի հետ համատեղ նախագիծերու իրականացումով:

Վարչապետ Փաշինեան Շի Ցին-փինկին ներկայացուց Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւ ընդգծեց, որ այսօր մեր երկիրը զարգացող պետութիւն է՝ քաղաքական կայունութեամբ եւ կանխատեսելիութեամբ:

Կողմերը պայմանաւորուեցան յետագայ համագործակցութեան քայլերը քննարկել գերատեսչութիւններու մակարդակով:

Զրուցակիցները հեռանկարային համարեցին համագործակցութեան զարգացումը գիւղատնտեսութեան, փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, ենթակառուցուածքներու, կրթութեան և այլ ոլորտներու մէջ:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Արցախի հակամարտութեան եւ նշեցին, որ հիմնախնդիրը պէտք է կարգաւորուի երկխօսութեան ճանապարհով:

«Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, թէ հայկական կողմէն այս հանդիպման մասնակցեցան փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար Յակոբ Արշակեան, Չինաստանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Մանասարեան, վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Արսէն Գասպարեան, վարչապետի օգնական Հրաչեայ Թաշչեան, վարչապետի մամլոյ քարտուղար Վլադիմիր Կարապետեան: Չինական կողմէն մասնակցեցան Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի քարոզչութեան բաժինի նախարար Խուանգ Քուենմինգը, կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի աշխատակազմի ղեկավար Տինկ Սիւեսեանկ, արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եի, փոխնախարարներ Լի Իւճինկ, Ցին Կանկ, առեւտուրի նախարար Ճոնկ Շան, Հայաստանի մօտ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլուն:

Պէյճինկի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, վարչապետի օգնական Հրաչեայ Թաշչեան յայտնեց. «ՀՀ վարչապետը Պէյճինկ է՝ մասնակցելու Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան համաժողովին: Սա առաջին նման միջոցառումն է, որուն կը մասնակցին նաեւ Հնդկաստանի, Յունաստանի, Սինկափուրի, Սրի Լանքայի եւ Քամպոճայի ղեկավարները: Արդէն հետաքրքրական փաստ է այն, որ Հայաստանը հրաւիրուած է մասնակցելու նման բարձր մակարդակի համաժողովին: Կայացաւ հանդիպում Չինաստանի նախագահ Շի Ցինփինկի հետ, Նոյեմբեր 15-ին Նիկոլ Փաշինեան պիտի հանդիպի Չինաստանի վարչապետին հետ: Չինաստանը այսօր աշխարհի խոշորագոյն տնտեսութիւններէն մէկն է, հսկայական շուկայ, ու Հայաստանը կարեւոր կը համարէ համագործակցութեան զարգացումը Չինաստանի հետ»:

Նոյն օրը երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան Չինաստանի Ժողովրդական ներկայացուցիչներու պալատին մէջ մասնակցեցան «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովի ընթրիքին: