Թումանեանի Եւ Կոմիտասի 150-րդ յոբելեաններուն Նուիրուած Ցուցահանդէս Եւ Ձայնասկաւառակի Շնորհանդէս Յորդանանի Մէջ

Սփիւռք

Յորդանան  անգամ մը եւս հիւրընկալեց Հայկական Մշակոյթը Երեւանի քոյր քաղաք Ամմանի մէջ, կազմակերպուեցաւ Հայրենի արուեստագէտ քոյրերու՝ գանատաբնակ գեղանկարիչ Նազ Թորոյեանի «ՆազԱրտ» Գեղանկարներու Ցուցահանդէս-վաճառքը եւ յորդանանաբնակ դաշնակահարուհի-երգահան Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի «Իմ Երազում» ձայնասկաւառակի շնորհանդէսը։

Ձեռնարկը կայացաւ Յորդանանի Մշակոյթի Մեծարգոյ նախկին նախարար՝ Ջիրյէս Սամաուիի բարձր հովանիի ներգոյ, Մայիս 1 – 3 տեւողութեամբ, Ամմանի քաղաքապետարանի ցուցահանդէսներու սրահի՝ «Կալէրի»-ին մէջ։

Հայկական մշակոյթի այս 3 օրերը նուիրուած էին Մեծն Յովհաննէս Թումանեանի եւ Մեծն Կոմիտասի 150-րդ յոբելեաններուն, որոնց մասին  ներկաները ծանօթացան բացման խօսքին ընթացքին։

«Վարդավառ մանկապատանեկան» երգչախումբի հրեշտակային ձայները վայելեցին բացման ներկաները, ունկնդրելով Հայկական ժողովրդական, Կոմիտասեան երգեր,  առաջին անգամ հնչեց Յովհաննէս Թումանեանի «Էս էն է» բանաստեղծութեան հիման վրայ գրուած Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի հեղինակած երգը։

Նազը, Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան պետական երաժշտական քոլեճի շրջանաւարտ է (դասական վոկալ)։ Ան նաեւ կը ստեղծագործէ եւ հեղինակ է դասական, ժողովրդական, ճազային, ռոք երաժշտութեան ժանրերու աւելի քան 100 երգերու: Իր  երգերը կատարուած են Հայաստանի օփերայի երգիչներու կողմէ տարբեր համերգներու ընթացքին: Յայտնի հայ երգահան եւ դաշնակահար Ռոպերթ Ամիրխանեան իր երգերը անուանած է «կախարդական ստեղծագործութիւններ»:

Նազը նաեւ աւարտած է Մխիթար Գոշի հայ-ռուսական միջազգային համալսարանը, իրաւագիտութեան մագիստրոսի աստիճանով:

2015 թուականին Նազը տեղափոխուած է Գանատա եւ սկսած իր աշխատանքը որպէս նկարիչ: 2017-ին մասնակցած է Շուշի քաղաքի գեղարուեստի դպրոցին նուիրաբերուած նուիրատուութեան արարողութեան:

2018 թուականին Նազը մասնակցած է 1988 Երկրաշարժի զոհերու յիշատակին նուիրուած արուեստի ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր Թորոնթոյի ՀԲԸՄ-ի կողմէ:

Վարդուհին Երեւանի Փ.Ի. Չայկովսկիի մասնագիտական ​​երաժշտական ​​միջին դպրոցի շրջանաւարտ է, ունի մագիստրոսի կոչում Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական ​​երաժշտանոցի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութենէն:

Ան իր երգահանական կրթութիւնը ստացած է անուանի հայ երգահան եւ դաշնակահար Ռոպերթ Ամիրխանեանի հետ, որ կարծիք յայտնելով շեշտած է՝ «Դուք հայկական երաժշտութեան մէջ նոր ոճ էք ստեղծել»։ Իսկ ՀՀ ժողովրդական արուեստագիտուհի Ռաիսա Մկրտչեան նկարագրած էր ըսելով՝ «Մագրամաքուր են քո երգերը, ուր ոչ մի օտար ելեւէջ  չկայ»։

Վարդուհին արժանացած է բարձր գնահատանքի երաժշտութեան յանկարծաբանութեան համար, Լեվ Բարեն Բոյմի 100-ամեայ փառատօնի ընթացքին, 2007-ին, Մոսկուա՝ Ռուսաստան:

Առնօ Բաբաջանեանի անուան դաշնակահարներու 5-րդ հանրապետական ​​մրցոյթի ընթացքին լաւագոյն տիպլոմ ստացած է: Երեւան՝ Հայաստան, 2000-ին

1999-ին Աբովեան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հայ բազմաձայն երաժշտական ​​մրցոյթին հանդիսացաւ երկրորդ տեղին:

Մասնակցած է Վերածնունդ միջազգային փառատօններուն: Գիւմրի, Հայաստան որպէս նուագակցող, հանդիսանալով 2-րդ տեղի, 1-ին տեղի մրցանակներ եւ Գրան-Պրի:

Վարդուհին Պուլկարիոյ Եւրո-ժողովրդական 2012 փառատօնին իր վոկալի ուսանողներէն մէկուն ուղեկցեցաւ իր ոսկէ մետալին:

Վարդուհին մասնակցած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ արտերկրի մէջ իրականացուող համերգներուն՝ կազմակերպուած Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ, Լեհաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ուքրանիոյ, Ղրիմի, Ռուսաստանի, Յորդանանի եւ Լիբանանի մէջ:

Ան եղած է Երեւանի Կամերային թատրոնի երաժշտական ​​ փոխ-տնօրէն:

Եղած է երգչուհի, եկեղեցական-երգեհոնի նուագող, դաշնակահար, կատարելով երաժշտական ձայնաբաժանումներ եւ ստեղծագործութիւններ Երեւանի Արարատեան Հայրապետական ​​թեմի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ «Ծաղկազարդ» երգչախումբի մէջ 2010-էն մինչ օրս: Այս երգչախումբը ստացած է ՀՀ նախագահի մրցանակ եւ Կոմիտասի անուան շքանշան  Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն:

Վարդուհին ղեկավարած է Յորդանանի Ազգային Մարզական Միութեան Հայկական «Երեւան» երգչախումբը, որ իր ուղեկցութեամբ մասնակցած է «Երգում ենք Կոմիտաս» փառատօնին, նուագակցութեամբ Յորդանանի Ազգային երաժշտական ​​երաժշտանոցի կամերային նուագախումբի տնօրէն Մոհամմատ Սիտիքի հետ Երեւանի մէջ 2015-ին:

Վարդուհին դասաւանդած է International Amman Academy միջնակարգ «Յորդանանի Թագուհի»-ի դպրոցի երգչախումբին:

3 տարի է արդէն երաժշտական տնօրէնն է Թատերական երաժշտական ​​ներկայացումներու  Amman National դպրոցին մէջ:

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի ժառանգաւորաց երգչախումբի 2 ներկայացումներու համար երգեր ստեղծագործած է, իրենց խնդրանքով:

Վարդուհին կը ղեկավարէ  Յորդանանի «Վարդավառ» հայկական երգչախումբը 2016 թուականէն սկսեալ, որ հիմնադրած է իր ամուսնուն Վարդան Ներսէսեանի հետ: 2 տարի է արդէն կը ղեկավարէ նաեւ «Վարդավառ մանկապատանեկան» երգչախումբը։

Վարդուհին Թումանեանի «Փարվանա»-ն արդէն վերածած է օփերայի, որ պիտի ներկայացուի 2020-ին։

Յատկանշական է, որ Վարդուհիի եւ Նազի փոքր քոյրը, Արմինէն, Մայիս 3-ին մենահամերգ ունեցաւ Գերմանիոյ Շուապախ քաղաքին մէջ, ուր կատարեց Կոմիտաս,Կանաչեան, Տիգրանեան, նաեւ իր երկու քոյրերուն `Վարդուհիի եւ Նազի ստեղծագործութիւնները։ Համերգը նաեւ նուիրուած էր Թումանեանի եւ Կոմիտասի 150-րդ յոբելեաններուն։

Մարալ Ներսէսեան

Յորդանան