«Սարդարապատէն Մինչեւ Շուշի»

Սփիւռք

Հ­պար­տու­թիւն առ­թող ե­րի­տա­սար­դա­կան ե­զա­կի հա­մախմ­բում էր ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած խնճոյք-խրախ­ճան­քը

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. ­­Հա­մա­գու­մա­րի եւ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թիւն­նե­րու ­­Խորհր­դա­ժո­ղո­վին Ա­թէն­քի մէջ բա­րե­պա­տեհ զու­գա­դի­պու­թեան ա­ռի­թով, խնճոյք-խրախ­ճանք տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Գո­քի­նիոյ «­­Զա­ւա­րեան» Կեդ­րո­նէն ներս, ­­Շա­բաթ 11 ­­Մա­յիս 2019-ի ե­րե­կո­յեան, ­­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Վար­չու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։

Ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գի­րը ներ­կա­յա­ցուց ­­Հա­յաս­տա­նէն յատ­կա­պէս հրա­ւիրո­ւած NOUR BAND նո­ւա­գա­խում­բը՝ ­­Ճորճ ­­Սար­գի­սեա­նի, ­­Շանթ ­­Դա­նիէ­լեա­նի եւ ­­Սար­գիս Ա­դա­մեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ։
Հայ­րե­նա­կից­նե­րու ան­նա­խըն­թաց մեծ թիւ մը հա­մախմ­բած ըն­դար­ձակ դաշ­տը գե­ղեց­կօ­րէն զար­դա­րո­ւած էր Ե­ռա­գոյն եր­կար դրօ­շա­կով, որ լրիւ կը տի­րա­պե­տէր սրա­հի տա­րած­քին, եւ սե­ղան­նե­րուն վրայ զար­դա­րո­ւած ծաղ­կե­փուն­ջե­րով։ ­­Հայ­րե­նա­կից­ներ եւ ըն­տա­նիք­ներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Յ.Ե.Մ.ի մեծ ըն­տա­նիք­նե­րու հա­ւա­տա­րիմ բա­րե­կամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ մեծ թի­ւով ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ զոյգ խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու մաս­նա­կից ե­րի­տա­սարդ պա­տո­ւի­րակ­նե­րը, բա­ցա­ռիկ ու­րախ մթնո­լոր­տի մէջ տօ­նա­կա­տա­րե­ցին ­­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած հա­յու­թեան մեծ տօ­նը։

Ներ­կայ ե­ղան ­­Յու­նաս­տա­նի թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­­Գերշ. Տ. ­­Գե­ղամ Արք. ­­Խա­չե­րեան, Յու­նաս­տա­նի մօտ ՀՀ դես­պան ­­Ֆա­դէյ ­­Չար­չօղ­լեան, ­­Հայ ­­Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ղե­կա­վար Յով­սէփ Ծ. Վրդ. ­­Պէ­զա­զեան, ­­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի ­­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­­Վի­գէն Չո­լա­քեան, Նէոս Գոզ­մոս (­Ֆիք­սի) «Ս. Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Նա­րեկ Քհնյ. Շա­հի­նեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Վար­չու­թեան լրիւ կազ­մը, ­­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւնն ու Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Կո­մի­տէն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Կ. ­­Խա­չի, «­­Հա­մազ­գա­յի­ն»ի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թիւն­նե­րու կազ­մե­րը եւ ան­դամ­նե­րը։

Թա­մա­տա­յի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը խան­դա­վա­ռու­թեամբ կա­տա­րեց ընկ. ­­Յո­վիկ ­­Պա­պօղ­լեան, որ ող­ջու­նեց բո­լո­րի ներ­կա­յու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս նման բա­ցա­ռիկ ու ե­զա­կի ա­ռի­թով, երբ մէկ յար­կի տակ կը մէկ­տե­ղո­ւին Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան այս­քան կա­րե­ւոր ժո­ղով­նե­րու մաս­նակ­ցող ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։ ­­Մեր ժո­ղո­վուր­դի հե­ռա­ւոր թէ մօ­տիկ ան­ցեա­լի յաղ­թա­նակ­նե­րը յի­շե­լու եւ ա­նոնց­մով վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու՝ ­­Մա­յիս 1918ի մեր հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան եւ ­­Մա­յիս 1992ին ­­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան զոյգ տօ­նե­րը հպար­տու­թիւն առ­թող եւ պատ­գամ­ներ փո­խան­ցող ի­րենց խո­րին խոր­հուրդ­նե­րով, միշտ այժ­մէա­կան ու զօ­րա­ւոր պատ­գա­մա­խօս­նե­րը կը մնան մեր ազ­գի պատ­մու­թեան մէջ։

Խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան կող­մէ ընկ. Մար­լէն ­­Տա­քէ­սեան եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Վար­չու­թեան ա­նու­նով ընկ. ­­Լո­ռի ­­Գու­յում­ճեան, անդ­րա­դառ­նա­լով միու­թե­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն եւ ող­ջու­նե­լով խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու կա­յա­ցու­մը Ա­թէն­քի մէջ։

Շուրջ ե­րեք ժամ տե­ւած եր­գա­հան­դէ­սի բա­ժի­նը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ հայ­րե­նի «­­Նուր ­­Պանտ» նո­ւա­գա­խում­բի տա­ղան­դա­ւոր ե­լոյթ­նե­րով, ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու ճոխ եր­գա­ցան­կով, ան­դա­դար ի­րար յա­ջոր­դող բո­լո­րին ծա­նօթ եր­գե­րու մեկ­նա­բա­նու­թեամբ, որ ե­ռան­դուն ու խան­դա­վառ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­ցին ներ­կա­նե­րուն մօտ, ո­րոնք ծա­փե­րով ըն­կե­րա­ցան եւ եր­գե­րուն ձայ­նակ­ցե­ցան, իսկ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ան­դա­դար պա­րե­լով, բե­մին առ­ջեւ կանգ­նած՝ խան­դա­վառ ի­րենց ե­ռան­դը փո­խան­ցե­ցին բո­լո­րին։

«­­Նուր ­­Պանտ»ի ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու կող­մէ հրամ­ցո­ւած եր­գե­րուն, բարձրա­ձայն եր­գե­լով միա­ցան հան­դի­սա­տես­նե­րը։

«­­Նուր ­­Պանտ»ի ե­րեք տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­ժիշտ­նե­րը ծա­նօթ դար­ձած են մեր գա­ղու­թին մէջ, նա­խա­պէս ի­րենց ու­նե­ցած ե­լոյթ­նե­րու ըն­ձե­ռած ա­ռիթ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն եւ սի­րո­ւած ու յար­գո­ւած են յու­նա­հայ գա­ղու­թին կող­մէ։

Իր պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լու հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­­Գերշ. Տ. ­­Գե­ղամ Արք. ­­Խա­չե­րեան, որ ներշն­չո­ւած խօս­քե­րով անդ­րա­դար­ձաւ զոյգ միու­թիւն­նե­րու փա­ռա­պանծ ճա­նա­պար­հին, ա­նոնց ձե­ւա­ւո­րած հա­մա­հայ­կա­կան ա­ւան­դին ու փո­խան­ցած ժա­ռան­գու­թեան, շեշ­տե­լով հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ա­նոնց յա­րա­տեւ­ման մէջ։ Սր­բա­զան հայ­րը իր ան­մի­ջա­կան ու պարզ ո­ճով՝ մե­ծա­պէս ո­գե­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը։

Կարճ խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Վար­չու­թեա ա­տե­նա­պետ եղբ. Գառ­նիկ Մկր­տի­չեան եւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Սեր­գօ ­­Գու­յում­ճեան, հա­մա­հայ­կա­կան ծան­րու­թիւն պա­րու­նա­կող զոյգ խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու կա­յաց­ման անդ­րա­դառ­նա­լով։ Եղբ. ­­Գառ­նիկ մեծ ու­րա­խու­թեամբ յայ­տա­րա­րեց, թէ յա­ռա­ջի­կայ Յու­լի­սին պի­տի սկսի գոր­ծել Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նո­րաս­տեղծ մաս­նա­ճիւ­ղը, միա­նա­լով հա­մաս­փիւռ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ցան­ցին եւ իր կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւ­նը բե­րե­լով միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Ընկ. ­­Սեր­գօ շեշ­տեց հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­մախմ­բող եր­կու միու­թիւն­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան այս ե­զա­կի պա­րա­գան, որ ու­ժե­րը կազ­մա­կեր­պե­լու փայ­լուն օ­րի­նակ կը հան­դի­սա­նայ։

Պա­րե­րը, եր­գե­րը, հա­մա­խումբ պա­րո­ւած քո­չա­րի­նե­րը՝ դեռ բե­մին շուր­ջը մին­չեւ ուշ ժա­մեր պա­հե­ցին խան­դա­վառ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց եր­կիր­նե­րը պի­տի մեկ­նին յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն, մտքե­րուն ու սրտե­րուն մէջ որ­պէս թան­կա­գին գանձ պա­հե­լով ան­ցած օ­րե­րը։