Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Պոլսոյ Պատրիարքարան

Սփիւռք

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլու Երկուշաբթի, Մայիս 13-ին այցելեց Պոլսոյ պատրիարքարան: Նախարարը հիւրընկալուեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի կողմէ, որուն կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու:

Ներկայ էին նաեւ Պոլսոյ կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ Կրօնական ժողովի անդամները: Զրոյցը տեղի ունեցաւ դռնփակ:

Առայժմ զրոյցի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած: Շուրջ քառասուն վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք նախարարը ստորագրեց հոգելոյս Մեսրոպ պատրիարքի սգոյ տոմարը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ հարցեր: Պետրոս Շիրինօղլու հանդիպումէն ետք «Ժամանակ» թերթին յայտնեց, որ Պոլսոյ գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութենէն՝ Յունիս 23-էն անմիջապէս ետք տեղի պիտի ունենայ տեղապահի ընտրութիւնը:

Հաւանական է, որ պատրիարքարանը հրապարակէ պաշտօնական յայտարարութիւն մը: