Արամ Ա. Կաթողիկոս Դամասկոս Կ՛այցելէ

Սփիւռք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեան համար Դամասկոս հասած է Մայիս 13-ին: Վեհափառ հայրապետը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուած են Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան, Բերիոյ թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին, պատկան մարմինին, «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչներուն, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ դոկտ. Նորա Արիսեանի ու Ժիրայր Ռէյիսեանի եւ Դամասկոսի հայ համայնքի զաւակներուն կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։

Այսօր` երեքշաբթի, Մայիս 14-ին, վեհափառը հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ: