Փաշինեան հանդիպում Ունեցած է Լիւքսեմպուրկի Վարչապետին հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Խավիէր Պէթէլ տպաւորուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններով: Ան Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է, թէ ինք վստահ է, որ հայ ժողովուրդին կողմէ ստացած մեծ վստահութիւնը թոյլ պիտի տայ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան հասնելու յաջողութիւններու եւ իրականացնելու նախանշուած ծրագիրները` Հայաստանի զարգացման ուղղուած նախաձեռնութիւններն ու բարեփոխումները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ի թղթակիցը, Լիւքսեմպուրկի վարչապետը վստահութիւն յայտնած է, որ յառաջիկային երկու երկիրներու կառավարութիւնները պիտի շարունակեն համագործակցութիւնը` ի նպաստ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման եւ ժողովուրդներու միջեւ եղած կապերու ամրապնդման:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարած է տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացումն ու առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնումը: Ան ընդգծած է երկու երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ փոխգործակցութեան աշխուժացման եւ յստակ քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Վարչապետին խօսքով` Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումները մեծապէս պիտի նպաստեն նաեւ գործարար միջավայրի բարելաւման ու ներդրումային արդիւնաւէտ ծրագիրներու իրականացման համար կը ստեղծեն անհրաժեշտ բարենպաստ պայմաններ: Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ աւարտած է յեղափոխութեան առաջին փուլը եւ այժմ կառավարութեան քայլերը ուղղուած են երկրին մէջ տնտեսական յեղափոխութիւն իրականացնելուն:

Ան տեղեկացուցած է, որ այս տարուան աշնան Երեւանի մէջմ տեղի պիտի ունենայ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը եւ կարեւոր համարած լիւքսեմպուրկեան ընկերութիւններու մասնակցութիւնը այդ կարեւորագոյն ներկայացուցչական ժողովին:

Կողմերը քննարկած են տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու` տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, վերամշակող արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները: Գործարար կապերու աշխուժացման նպատակով կողմերը կարեւոր համարած են գործարար ժողովներու կազմակերպումն ու իրականացումը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Խավիէր Պէթէլ շրջած են Լիւքսեմպուրգի մէջ, այցելած քաղաքապետարան, ուր ՀՀ վարչապետը կարճատեւ հանդիպում մը ունեցած քաղաքապետ Լիտի Պոլֆերի հետ: