Շուշիի Գաղափարախօսութիւնը եւ Մենք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՀՀ Հանրային Հեռուստատեսութեան եթերը այսօր յատկացուած է մեր ազգային հպարտութեան փառապանծ վայրկեաններէն մէկուն՝ Շուշիի ազատագրութեան մեծ տօնին։ Շուշիի ազատագրութիւնը այն օրն էր, երբ ազգը իր լաւագոյն որդիներով իջաւ մարտի դաշտ վերջնականօրէն քաշելու կարմիր գիծը մեր և մեր անցեալին միջև և աշխարհով մէկ ծանուցելու մեր ազգային լինելիութեան նոր դարաշրջանը։

Շուշին ոչ միայն ռազմավարական անհրաժեշտութիւն էր Արցախեան ազատամարտի ձևաւորման մէջ, այլև ոգեկան հզօր մէկ ոստիւն մեր ժողովուրդին համար։ Ան ոչ միայն մեր յաղթանակն էր ցեղասպան թշնամիին դէմ, այլև մեր յաղթանակը մեր իսկ վրայ։ Ան մեր յաղթանակն էր ընդդէմ բոլոր մեր ձեռնթափութիւններուն, մեր դարաւոր վախերուն, պատանդ մարդու մեր յաւիտենական թուող գոյավիճակին։ Ան յաղթանակն էր կայսրութիւններու միջև տուայտող Հայրենիքին, Սփիւռքին և այդ երկու ճնշիչ իրականութիւններուն դէմ տևաբար ըմբոստացող մեր երիտասարդութեան։ Այդպէս էին 1918-ի անկախութեան մեր ճակատամարտերը՝ Սարդարապատն ու Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսան։ Այդպէս էր Վանի Հերոսամարտը։ Այդպէս էին բոլոր մեր հերոսամարտերը՝ Մուսալեռն ու Շապին Գարահիսարն ու Ուրֆան ու Հաճընն ու Այնթապն ու Մարաշը։ Այդպէս էր Վարդանանց մեծ սխրագործութիւնը։

Հետևաբար պիտի ազգովին ընդունինք, որ նոր ժամանակներու մեր պատմութեան անցման պահն էր Շուշին։ Այսօրուան մեր անկախ պետականութեան կրակի մկրտութի՛ւնը։ Բայց մանաւանդ պիտի ընդունինք, որ Շուշին մեր դասագիրքն է ըլլալու այսօրուան և վաղուան համար։ Շուշիի հրամանատարներն ու մարտիկները (անկախ իրենցմէ ամէն մէկուն քաղաքական դաւանանքէն այսօր) հիմը դրին մեր ազգային ազատագրական շարժման նոր դպրոցին։ Անկաշկանդ մտածողութեան նոր ուխտի՛ն՝ որ կը պատգամէ, թէ չկայ բան, որ մենք ազգովին չկարողանանք իրագործել։ Այն ուխտին, որ կ՚ըսէ, թէ մենք՝ ինքնե՛րս ենք ճշտելու մեր անկախ պետականութեան անվտանգութեան սահմանագիծը։ Մե՛նք ենք գրելու մեր օրինագիրքը։ Մենք ենք դարբնելու մեր ճակատագիրը։ Մենք ենք վճռելու մեր պատմութիւնը։

Մենք այս չափանիշը նուաճած ենք Շուշիի մեր ամրոցի պատերուն տակ և այդ նոյն չափանիշով պիտի գործէ մեր ազգային քաղաքականութիւնը ամէնուրեք, ներքին և արտաքին ճակատի վրայ և անկախ այն բանէն, թէ ո՞վ է մեր պետականութեան ղեկավար դիրքերուն վրայ այսօր, վաղը և ամէն օր։ Մեր ազգը պիտի չնահանջէ այդ դիրքերէն։ Արեամբ նուաճուած ազգային չափանիշները պիտի չխախտին։ Մենք այլևս Շուշի՛ն ենք և Շուշին մե՛նք ենք, մէկ ու անբաժանելի իրարմէ։ Արիւնը արիւնէն և ոսկորը ոսկորէն։ Շուշիի գաղափարախօսութիւնը հաստատուած է ցկեա՛նս։

Յաւե՜րժ յարգանք մեր ազատութեան մարտիկներուն։

Կարօ Արմենեան
Մայիս 9, 2019
Ուաշինկթըն