Եթէ ԼՂ Հարցով Ունենամ Լուծում, Որ Արժանի Պիտի Ըլլայ Ներկայացնելու Ժողովրդին, Հնարաւոր է, Որ Հանրաքուէ Ըլլայ. Փաշինեան

Հայաստան

Երբ ժամանակին կ՝ըսէի, որ ժողովուրդը պէտք է որոշէ, թէ ով պէտք է ընտրուի վարչապետ, կը ծիծաղէին, հիմա կը ծիծաղին, երբ կ՝ըսեմ՝ ժողովուրդը պէտք է լուծէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը։ Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, իր գործունէութեան մէկ տարին ամփոփող մամուլի ասուլիսին ժամանակ, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ժողովուրդը պէտք է որոշէ, հապա ո՞վ պէտք է որոշէ, դո՞ւք պէտք է որոշէք, քանի մը կաշառակերներո՞վ, քանի մը բանակ թալանածներո՞վ: Հայաստանի մէջ այսուհետեւ ամէն ինչ պէտք է ժողովուրդը որոշէ, համակերպուեցէ՛ք»,- ըսած է վարչապետը:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս ժողովուրդը պիտի որոշէ Արցախի հակամարտութեան հարցը, Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «ՀՀ օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով: Եթէ ես ունենամ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք այնպիսի լուծում, որ համարեմ՝ ատիկա արժանի է ներկայացնել ժողովուրդին, կու գամ, կը ներկայացնեմ: Ես հնարաւոր է՝ ներկայացնեմ ասուլիսով, տեսաուղերձով: Կ’ըսեմ՝ այսպիսի տարբերակ կայ, սիրելի ժողովո՛ւրդ, հնարաւոր է, որ հանրաքուէ ըլլայ՝ դուք կ՝արտօնէ՞ք այս ծիրէն ներս բանակցիլ»:

Վարչապետը ըսած է, որ Ղարաբաղի հարցին հետ կապուած ամենակարեւոր խնդիրը այն է, որ պէտք է յստակ ձեւակերպել, թէ ինչ կ՝ուզենք:

«Եկէք յստակ ձեւակերպենք եւ կառավարութեան ըսենք, գնա՛, վարչապետ, ասիկա քու խնդիրդ է: Կ՝երթանք բանակցութիւններու, կ՝ըսեն՝ ծախեցին հողերը: Ծախողը դուք էք, այդ ո՞վ բարոյական իրաւունք ունի, զիս որեւէ բան ծախելու մէջ մեղադրէ: Մարդիկ, որ երկիրը թալանած են, ծախած են, ծախելու ընթացքին մէջ եղած են, կ՝ըսեն՝ գնաց բանակցութիւններու, հաստատ կը ծախէ: Անոնք չունին բարոյական իրաւունք, բանակ թալանածը ընդհանրապէս իրաւունք չունի Ղարաբաղի հարցով խօսելու: Կ՝ըսենք՝ ժողովուրդը պիտի որոշէ, խուճապի կը մատնուին. Ինչպէ՞ս ժողովուրդը պիտի որոշէ, հապա մե՞նք: Ձեր տեղը դեռ այդտեղ է, վաղը միւս օր կ’երեւայ, թէ ուր պիտի ըլլայ, նախաքննութիւնն ու դատարանը պիտի որոշէ ձեր տեղը»,- նշած է ան: