Բողոքի Ցոյց եւ Հաւաք՝ Շիքակոյի Մէջ

Սփիւռք

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24-ին, Շիքակոյի թրքական հիւպատոսարանին մօտ, տեղի ունեցաւ խաղաղ բողոքի ցոյց, կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հ.Ե.Դ.-ի “Արարատ” ուխտին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք»-ը։

“Մենք հաւաքուած ենք այսօր պահանջելու մեր հողերը։ Թուրքիա պէտք է որ ընդհատէ իր ուռացման քաղաքականութիւնը։ Այնքան ատեն, որ արդարութիւն չէ կատարուած, մենք միշտ ալ պիտի պայքարինք”, կը յայտնէին ներկաները։

Այս հաւաքին նաեւ մասնակցեցան այլ կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին՝ Հ.Յ.Դ., Հայ Դատի յանձնախումբ, Համազգային, Հ.Օ.Մ., Հ.Մ.Ը.Մ. եւ տեղւոյն Պոնտոս-Յունական գաղութէն ներկայացուցիչներ։

Այս ցուցարարներուն դէմ, տասնեակ մը թուրքեր եւ ազերիներ միասնաբար ցոյց կատարեցին, փորձելով ձախողցնել, օրուան հաւաքը, սակայն ընդհակառակը, երտասարդները աւելի խանդով շարունակեցին իրենց օրուան բողոքի եւ յաչս արդարութեան ցոյցը։


“Մենք մեր պատգամը փոխանցեցինք։ Շիքակոյի բնակչութիւնը աւելի ծանօթացաւ եւ տեղեկացաւ 104 տարի առաջ պատահած ցեղասպանութեան մասին”, ըսաւ շրջանի երիտասարդականի պատասխանատուներէն՝ Դաւիթ Հարտի։

Աւարտին շրջանի հովիւ Ղեւոնդ Պենտեզեան կատարեց աղօթք եւ օրուան հաւաքը աւարտեցաւ”Յառաջ Նահատակ”-ով։


Միւս կողմէ, Ապրիլ 28-ին, Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ 104-ամեակի հաւաք։ Ծայրագոյն վարդապետ Ղեւոնդ Պենտեզեանի պատարագէն ետք, աւելի քան երկու հարիւր հայորդիներ հաւաքուեցան “Շահնազարեան” սրահ, ուր տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբի անունով խօսք առաւ Մարալ Աբրահամեանը։ Երիտասարդականի անունով, խօսք առաւ Արենի Արթինեան։ Ան կոչ ուղղեց նոր սերունդին, շարունակելու պայքարը յաչս արդարութեան, ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման։

Շիքակոյի Հ.Հ. հիւպատոսարանի անունով խօսք առաւ Պարոյր Սարգիսեան, որ շեշտեց Պարոյր Սեւակի մէկ հաստատումը.- “Մենք քիչ ենք, սակայն հայ ենք”։ Անգամ մը եւս, Ղեւոնդ Վրդ. Պենտեզեանի աղօթքով, աւարտեցաւ օրուան հաւաքը։