Սիտնիի Մէջ Ցուցարարները Պահանջեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Սփիւռք

Ապրիլ 28-ին, Սիտնիի մէջ, շուրջ 1000 ցուցարարներ Աւստրալիոյ կառավարութիւնէն պահանջեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, կը հաղորդէ “Արցախփրես”-ը։

«Ցուցարարները իրենց պահանջը ուղղեցին վարչապետ Սքաթ Մորիսոնին, որ նախապէս զանգուածային սպանութեան տուած էր «ցեղասպանութիւն» անուանումը, բայց այժմ, կը խուսափի այդ եզրը գործածելէն», յայտնեց Associated Press Australia-ն:

Անցեալ շաբաթ, Մորիսոն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը չ՛օգտագործեր, որովհետեւ ինք կը յայտնէ պետական կարծիք, իսկ նախապէս այդ նիւթին մասին խօսած է իբրեւ անհատ: