Դաւիթ Տօնոյեանի Հաւաստիացումով` Սահմանային Իրավիճակը Կայուն է

Հայաստան

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ իրավիճակը կայուն է: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ`  Ապրիլ 26-ին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Կայուն է իրավիճակը: Անընդհատ նոյն վիճակն է, կրակոցներ կ՛ըլլան այն կողմէն, բայց ոչ թիրախաւորուած»,-ըսած է նախարարը:

Անդրադառնալով  «Էրեբունի» օդակայանին մէջ ռուսական 3624-րդ ռազմական օդակայանը  4++ սերունդի Սու-30սմ բազմանպատակ կործանիչներով վերազինելու լուրերուն, Տօնոյեան ըսած է, որ ռազմակայանը պիտի արդիականացուի:

 «Ռուսական ռազմակայանը պիտի արդիականացուի ժամանակի ընթացքին, եւ համապատասխան որոշումներ պիտի առնուին սպառազինութեան տեսակի ու քանակի վերաբերեալ»,- ըսած է նախարար Տօնոյեան: