Ատրպէյճանը Բողոքի Գիր Յղած է Ուրուկուէյին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արժանթինի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը բողոքի գիր յղած է Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը` վկայակոչելով Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան յղումը:

Բողոքի գիրը կապուած է այն բանի հետ, որ Արցախի ԱԳՆ ղեկավար Մասիս Մայիլեան այցելած է Ուրուկուէյ եւ պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած այնտեղ:

Նշենք, որ այցը կայացած է Ուրուկուէյի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով: