«Տասն Կուսանաց» Յիշատակութիւնը Տեղի Ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սփիւռք

Աւագ շաբաթը Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին փուլն է, որուն ընթացքին Ան ենթարկուեցաւ ամէնէն դառն տառապանքներուն ու չարչարանքներուն: Հայ եկեղեցին զայն կը նշէ աստուածաշնչական ընթերցումներու եւ հոգեպարար յատուկ արարողութիւններու ճամբով:

Այս գծով, Աւագ երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Տասն կուսանաց» նուիրուած ժամերգութիւնը, ուր մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանէն տասը աղջիկներ` իւրաքանչիւրը բռնած լապտեր մը, ներկայացան եկեղեցւոյ դաս: Անոնք կը ներկայացնէին Քրիստոսի երկրորդ գալստեան հինգ պատրաստ եւ հինգ անպատրաստ կոյսերը: Աւետարանական ընթերցումներէն ետք, Փեսային երկրորդ գալստեան հոգեպէս պատրաստները` «իմաստուն կոյսերը», վառ պահեցին իրենց լապտերը, իսկ միւսները` «յիմարները», մարեցին զանոնք:

Աւարտին, «Տասը կոյսերը»` ընկերակցութեամբ մայր տաճարի փոխլուսարարապետ Լեւոն աբղյ. Եղիայեանին, բարձրացան Արամ Ա. կաթողիկոսին մօտ: Վեհափառ հայրապետը հայրական սիրով ընդունեց զանոնք, խօսեցաւ անոնց օրուան պատգամին մասին եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք: