«ՄԷՃԼԻՍԻ ՀԱՅԸ». ՀՀ ԱԺ Եզիտի Պատգամաւորը կը Դատապարտէ Փայլանի Նկատմամբ Հետապնդումները (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Մէճլիսի հայը» խորագիրով հարցազրոյցներու շարքին՝ Ermenihaber.am-ը զրուցած է ՀՀ Ազգային Ժողովի ազգային փոքրամասնութիւններէն եզտիական համայնքը ներկայացնող Ռուստամ Բաքոյեանի հետ։

Բաքոյեան ներկայացուցած է իր տեսակէտները Կարօ Փայլանի նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան առնչութեամբ։

Ան նաեւ ընդգծած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ քաղաքական հետապնդումներու ենթարկուող հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի եւ Հայաստանի մէջ ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացնող պատգամաւորներու համար Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած պայմաններուն միջեւ եղած տարբերութիւնը։ Այս ծիրէն ներս՝ եզիտի պատգամաւորը իր կարծիքը յայտնած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, խօսքի ազատութեան վերաբերեալ։

Մանրամասնութիւնները տեսանիւթով՝