Հայաստանի Մէջ Պաշտօնապէս Արձանագրուած Աշխատողներուն Թիւը 9.9 Տոկոսով Աւելցած է

Հայաստան

Յունուար 2019-ին, 2018-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պաշտօնապէս արձանագրուած աշխատողներուն թիւը աւելցած է 9.9 տոկոսով:

ՀՀ կառավարութեան կայքին միջոցով հրապարակուած տեղեկագրութեան համաձայն՝ 2019 Յունուարին 2018 Յունուարի համեմատ Հայաստանի մէջ արձանագրուած աշխատողներուն թիւը աւելցած է 9.9 տոկոսով: Մասնաւորապէս՝ ոչ պետական հատուածի աշխատողներուն թիւը աւելցած է 15.8 տոկոսով: