Արցախի ԱԳՆ-ն Մեկնաբանութիւն Տարածած է Մարաղայի Ջարդերուն 27-րդ Տարելիցի Առիթով

Հայաստան

1992-ի Մարտ 10-ին երկարատեւ հրետակոծումէ ետք ատրպէյճանական զինուած կազմաւորումները ներխուժեցին Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Մարաղայ աւան:

ԱԳՆ մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ`  տեղի ինքնապաշտպանական ջոկատը կրցաւ տարհանել աւանի բնակիչներուն մեծ մասը, սակայն 118 հոգի` հիմնականօրէն հաշմանդամներ, տարեցներ, կանայք եւ երեխաներ, մնացած էին այնտեղ: Անոնցմէ աւելի քան 50 հոգի դաժանաբար սպաննուեցան, որոնց մէջ` 30 կին, իսկ միւսները` 29 կին եւ 9 երեխայ, պատանդ վերցուեցան, որոնցմէ 19-ի ճակատագիրը առայսօր անյայտ է:

Արցախի զինուած ուժերուն կողմէ Մարաղան ազատագրուեցաւ, սակայն երկու շաբաթ անց ատրպէյճանական զօրքերը կրկին ներխուժեցին բնակավայր եւ իրենց հարազատները յուղարկաւորելու համար վերադարձած բնակիչներուն նկատմամբ իրականացուցին նոր ոճրագործութիւն:

Մարաղայի քաղաքացիական բնակչութեան զանգուածային կոտորածը Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած ամենաողբերգական իրադարձութիւններէն մէկն էր: Աւանի վրայ ատրպէյճանական զօրքերու յարձակումը պայմանաւորուած չէր ռազմական անհրաժեշտութեամբ, այլ նպատակ կը հետապնդէր ոչնչացնել անոր քաղաքացիական բնակչութիւնը: Խաղաղ բնակիչներուն դէմ իրագործուած ռազմական յանցագործութիւններու մասին վկայած են նաեւ «Christian Solidarity Worldwide» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները, որոնք Մեծ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ եւ փոխխօսնակ, իրաւապաշտպան պարոնուհի Քերոլայն Քօքսի գլխաւորութեամբ աւան այցելած էին կոտորածներէն անմիջապէս յետոյ:

Մարաղայի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը հայերու նկատմամբ ահաբեկման, բռնութեան եւ հայրենի հողին վրայ ապրելու հնարաւորութենէն զրկելու`  Ատրպէյճանի քաղաքականութեան դրսեւորումներէն մէկն էր: Այդ քաղաքականութիւնը ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած եւ հետեւողականօրէն իրականացուած էր ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ողջ ընթացքին: Ատրպէյճանը փորձեց նոյն մեթոտներն ու մօտեցումները կիրառել 2016-ի Արցախի դէմ սանձազերծուած ապրիլեան պատերազմի ժամանակ, որ, սակայն, կանխուեցաւ միայն Արցախի պաշտպանութեան բանակի վճռական գործողութիւններուն շնորհիւ` ապահովելով երկրի անկախութիւնն ու անոր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

Ինչպէս Մարաղայի, այնպէս ալ 24 տարի անց` ապրիլեան պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուած ռազմական յանցագործութիւններն ու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումները կը վկայեն, որ մարդկայնութեան դէմ յանցագործութիւններու նկատմամբ անտարբերութիւնն ու անպատժելիութիւնը կը յանգեցնեն անոնց կրկնութեան: