«Հայաստանը Հնագոյն Քարտէզներու Մէջ» Ցուցահանդէսը՝ Գլայբետայի Քաղաքային Գրադարանին Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

Գլայբետայի քաղաքային գրադարանին մէջ, Ապրիլ 5-ին, հանդիսաւոր կերպով բացուած է «Հայաստանը հնագոյն քարտէզներու մէջ» ցուցահանդէսը: Անիկա  նախաձեռնած եւ կազմակերպած էին Լիթվիայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնն ու Գլայբետայի հանրային գրադարանը Գլայբետայի հայ համայնքին աջակցութեամբ: ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ բացման հանդիսութեան ներկայ էր Գլայբետայի քաղաքապետ Վիդաուդաս Կրուպլեաուսքասը (Vytautas Grubliauskas), Գլայբետայի համալսարանի ղեկավար Արդուրաս Ռազպատաուսքասը (Artūras Razbadauskas), հանրային եւ մշակութային գործիչներ, լրագրողներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Գլայբետայի քաղաքապետ Վիդաուդաս Կրուպլեաուսքասը նշեց, որ ցուցահանդէսը մեծ իրադարձութիւն է քաղաքի մշակութային կեանքին մէջ, որ հնարաւորութիւն կու  տայ քաղաքի բնակիչներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու Հայաստանի պատմութեան՝ համաշխարհային պատմութեան ծիրէն ներս: Գլայբետայի համալսարանի ղեկավար Արդուրաս Ռազպատաուսքասը իր խօսքին մէջ ընդգծեց քարտէզներու գիտական արժէքն ու կարեւորութիւնը: Գրադարանի տնօրէն Իւոզաս Շիքշնյէլիսը (Juozas Šikšnelis), իր հերթին աւելցուց, որ նմանատիպ ցուցահանդէսները կը հարստացնեն գրադարանի մշակութային կեանքը եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային նոյնպէս պիտի ըլլան նման բարձրակարգ ձեռնարկներ:

Ցուցահանդէսի բացման իր խօսքին մէջ՝ Լիթվիայի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց գրադարանի տնօրինութեան քարտէզներու ցուցադրութեան գաղափարը ողջունելու համար: Դեսպանը աւելցուց, որ փրոֆէսըր Ռուբէն Գալիչեանի՝ աշխարհի տարբեր գրադարաններէ 40 տարիներու ընթացքին հաւաքած քարտէզներու հաւաքածուն արդէն ցուցադրուած է պալթեան երեք երկիրներու տարբեր քաղաքներու համալսարանական, ազգային եւ հանրային գրադարաններու մէջ, եւ հակառակ անոր՝ հետաքրքրութիւնը ցուցահանդէսին նկատմամբ չի նուազիր։

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումէն ետք տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։ «Հայաստանը հնագոյն քարտէզներու մէջ» ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Մայիս 3։