Ապրիլեան Պատերազմին Ունեցանք Զոհեր, Որոնք Ոչինչի Օգնեցին. Աննա Յակոբեան

Հայաստան

«Կանայք յանուն խաղաղութեան» նախաձեռնութեան էութիւնը, բնաւ, ատրպէյճանցի կանանց դիմելը չէ: Այս մասին, «Ամերիկայի ձայն»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, ըսած է Աննա Յակոբեան:

«Այս նախաձեռնութեան իմաստը` որ ոչ թէ կը դիմենք ատրպէյճանցի կանանց, այլ, ըստ էութեան, կը դիմենք Ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր երկիրներուն՝ կողմերուն եւ միջնորդութիւն իրականացուցած երկիրներուն: Եւ մեր կոչն է, որպէսզի հրադադարը անբեկանելիօրէն պահպանուի, որ չսպաննեն սահմանը պահող երիտասարդ զինուորները, ինչպէս Հայաստանի կողմէն, այնպէս ալ՝ Ատրպէյճանի: Այսինքն՝ մեր նախաձեռնութեան միակ իմաստը զինուորներու կեանքը պաշտպանելն է, անանց չզոհաբերելը յանուն ոչինչի: Հակամարտութեան պատմութեան այս տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ զոհեր ունեցած ենք երկու կողմէն ալ, հազարաւոր զոհեր ունեցած ենք, բայց այդ մեկնած կեանքը զոհաբերած ենք յանուն ոչինչի, որովհետեւ ոչ մէկ կերպ, ոչ մէկ սանթիմեթր անգամ այդ զոհերը չեն մօտեցուցած մեզ հակամարտութեան կարգաւորման, եթէ չըսենք հակառակը՝ հեռացուցած են կարգաւորումէն, որովհետեւ յայտնի ճշմարտութիւն է՝ թշնամանքի մթնոլորտի մէջ չենք կրնար խաղաղութիւն կառուցել, հակամարտութեան լուծում գտնել: Եւ այս նախաձեռնութեան միակ իմաստը այդ կեանքերը խնայելն է երկու կողմէն ալ: Ատրպէյճանցի կանանց ուղղուած խօսքը հետեւեալն է՝ առաջարկ, որ իրենք նոյնպէս միանան այս նախաձեռնութեան եւ իրենք իրենց հերթին կոչ ընեն իրենց ղեկավարութեան, որ երբեւէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան փուլին չդիմեն ուժի կիրառման եւ պատերազմի, որովհետեւ, բացի այն, որ կանայք իրաւունք ունին այդ յորդորը ուղղելու մարդոց` իբրեւ մայր, որպէսզի խնայեն իրենց որդիներուն կեանքը, կեանքը նաեւ ցոյց տուաւ, որ փորձ եղաւ Ատրպէյճանի կողմէ դիմելու բռնութեան, ուժի կիրառման, պատերազմի, որ կրկին աւարտեցաւ ոչինչով, անոնց պատկերացումները իրականութիւն չդարձան, այդ պարագային նոյնպէս ունեցանք զոհեր, որոնք ոչինչի օգնեցին: Ասիկա անթոյլատրելի է պարզապէս: Ես յոյս ունիմ, որ ատրպէյճանցի կանայք պիտի արձագանգեն եւ իրենք իրենց հերթին կոչ ընեն հակամարտող կողմերուն, իրենց ղեկավարութեան` երբեւէ չդիմելու զէնքի ուժին, այլ նստելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ իրենց ուժը չափելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ հարցի լուծումը փորձելու բերել գաղափարներով, ոչ թէ երիտասարդ կեանքեր խլելով»,- նշած է ան: