Արժանթինի Քոլէճին Մէջ Հայկական Մշակոյթ Պիտի Դասաւանդուի

Աշխարհ, Սփիւռք

Արժանթինաբնակ երաժիշտ Գագիկ Գասպարեանի նախաձեռնութեամբ՝ Արժանթինի Քորտոպա քաղաքի երաժշտական կրթութեան ուսումնասիրութեան քոլէճին մէջ, ուր հայ ուսանողներ ընդհանրապէս չեն յաճախեր, հայ մշակոյթը (երաժշտութիւն, ազգային փողային նուագարաններ, հայ երաժշտութեան պատմութիւն) պաշտօնապէս ընդունուած է իբրեւ ուսումնական առարկայ:

«Ամէն ջանք գործադրած եմ գաղափարս կեանքի կոչելու համար: Ասիկա հայ ժողովուրդի ձեռքբերումը կը համարեմ: Այս կարեւոր յաղթանակը կը նուիրեմ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին: Չէ՞ որ մեծ հայուն երազանքն էր աշխարհին ծանօթացնել հայ մշակոյթը, որպէսզի օտարները հայկական մշակոյթով ճանչնան հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը: Այսօր անոր երազանքը իրականացնելու ճանապարհին ենք»,- ըստ «Հայերն այսօր»-ի՝ ըսած է Գագիկ Գասպարեան:

Ան նշած է, որ քոլէճի պաշտօնական փաստաթուղթը յանձնուած է իրեն, եւ Ապրիլ 1-ին, արդէն առաջին դասախօսութիւնը իրականացուցած է ուսանողներու հետ, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ լսած են նիւթը:

Արժանթինաբնակ երաժիշտին խօսքով, օտար ուսանողները՝ սորվելէ ետք՝ պիտի դառնան աշխարհի մէջ հայկական մշակոյթը տարածողները: